Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Փութինի հետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Զրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, կը հաղորդէ Քրեմլի պաշտօնական կայքը։ Երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրումը։ Փութինը Փաշինեանի հետ զրոյցի ժամանակ լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ բախումներու վերսկսման կապակցութեամբ։ «Ռուսական կողմէն լուրջ մտահոգութիւն յայտնուած է լայնամաշտապ ռազմական բախումներու վերսկսման կապակցութեամբ։ Նշուած է, որ այժմ կարեւոր է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը դիմակայութեան հետագայ թէժացումը թոյլ չտալու համար, իսկ ամենակարեւորը՝ պէտք է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները»,- նշուած է Քրեմլի հաղորդագրութեան մէջ:
27 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Փութինի հետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Զրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, կը հաղորդէ Քրեմլի պաշտօնական կայքը։

Երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրումը։

Փութինը Փաշինեանի հետ զրոյցի ժամանակ լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ բախումներու վերսկսման կապակցութեամբ։

«Ռուսական կողմէն լուրջ մտահոգութիւն յայտնուած է լայնամաշտապ ռազմական բախումներու վերսկսման կապակցութեամբ։ Նշուած է, որ այժմ կարեւոր է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը դիմակայութեան հետագայ թէժացումը թոյլ չտալու համար, իսկ ամենակարեւորը՝ պէտք է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները»,- նշուած է Քրեմլի հաղորդագրութեան մէջ:

Հայկական կողմը ունի 16 զոհ եւ հարիւրէ աւելի վիրաւոր
Նախորդ նիւթը

Հայկական կողմը ունի 16 զոհ եւ հարիւրէ աւելի վիրաւոր

Պատրաստեցէք ձեզ յաղթանակի, նուիրումի, զոհողութեան, որովհետեւ սա վճռական ժամանակ է. Նիկոլ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Պատրաստեցէք ձեզ յաղթանակի, նուիրումի, զոհողութեան, որովհետեւ սա վճռական ժամանակ է. Նիկոլ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր