Փաշինեան   երկխօսութեան կոչով  հանդէս եկաւ 

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան բոլոր քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց դադրեցնելու բոլոր բողոքի հաւաքներն ու անհնազանդութեան դրսեւորումները եւ խորհրդակցութիւնները սկսիլ իրավիճակը հանգուցալուծելու վերաբերեալ: Նիկոլ Փաշինեան այդ մասին ըսաւ այսօր, Հանրապետութեան հրապարակը հրաւիրուած հանրահաւաքի ընթացքին հանդէս եկած ելոյթին: «Ես ակնկալում եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ստորագրում է զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի  պետ Օնիկ Գասպարեանին ազատելու հրամանագիրը կամ Օնիկ Գասպարեանը ինքը յայտարարում է հրաժարականի մասին, եւ քաղաքական ուժերի հետ ես խորհրդակցութիւններ կը սկսեմ, թէ ոնց ենք այս իրավիճակը հանգուցալուծում»,- ըսաւ Փաշինեան: Փաշինեան ընդգծեց, որ պատրաստ է խորհրդակցութիւններու նաեւ իշխանութեան հասցէին ամենասուր քննադատութիւնը հնչեցնող քաղաքական ուժերուն հետ: Փաշինեան աւելցուց, որ Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր
25 Փետրվարի 2021
4 ր. ընթերցում
Փաշինեան   երկխօսութեան կոչով  հանդէս եկաւ 

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան բոլոր քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց դադրեցնելու բոլոր բողոքի հաւաքներն ու անհնազանդութեան դրսեւորումները եւ խորհրդակցութիւնները սկսիլ իրավիճակը հանգուցալուծելու վերաբերեալ:

Նիկոլ Փաշինեան այդ մասին ըսաւ այսօր, Հանրապետութեան հրապարակը հրաւիրուած հանրահաւաքի ընթացքին հանդէս եկած ելոյթին: «Ես ակնկալում եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ստորագրում է զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի  պետ Օնիկ Գասպարեանին ազատելու հրամանագիրը կամ Օնիկ Գասպարեանը ինքը յայտարարում է հրաժարականի մասին, եւ քաղաքական ուժերի հետ ես խորհրդակցութիւններ կը սկսեմ, թէ ոնց ենք այս իրավիճակը հանգուցալուծում»,- ըսաւ Փաշինեան:

Փաշինեան ընդգծեց, որ պատրաստ է խորհրդակցութիւններու նաեւ իշխանութեան հասցէին ամենասուր քննադատութիւնը հնչեցնող քաղաքական ուժերուն հետ:

Փաշինեան աւելցուց, որ Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր է եւ ժողովուրդի կամքը պէտք է կատարուի: «Իշխանութեան փոփոխութիւն պէտք է տեղի ունենայ միայն ընտրութեամբ՝ արտահերթ, թէ հերթական, դա միասին կ’որոշենք: Մենք Հայաստանի Հանրապետութիւնում թշնամի չունենք, բոլոր մեր եղբայրներն են: Ոմանք ուզում են բախում հրահրեն, չի լինելու ոչ մի բախում:  Ես այն հրապարակում հաւաքուած ժողովրդի ցաւն էլ տանեմ: Իրենք, ոչինչ, թող ինձ համարեն դաւաճան»,- նշեց Փաշինեան:

ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը կը սատարէ ՀՀ վարչապետին. Յայտարարութիւն
Նախորդ նիւթը

ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը կը սատարէ ՀՀ վարչապետին. Յայտարարութիւն

Ատրպէյճանը Հայաստանին վերադարձուցած է բոլոր ռազմագերիները. Ալիեւ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը Հայաստանին վերադարձուցած է բոլոր ռազմագերիները. Ալիեւ

ԱնցնիլՎեր