Փաշինեան եւ Փութին հեռախօսով քննարկած են կազի սակագինի հարցը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ կողմերը քննարկած են Հայաստանին բնական կազի մատակարարման հետ կապուած հարցեր, տեղեկատուութիւն փոխանակած են Covid-19 համաճարակի դէմ պայքարի ուղղութեամբ տարուող քայլերու մասին: Նշուած է, որ երկու երկիրներու ալ իրավիճակը այդ առումով լիովին վերահսկելի է: Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ռուսական կողմին, Հայաստանէն Ռուսաստան բեռնափոխադրումներու անխափան կայացումը ապահովելու ուղղութեամբ ձեռնարկած քայլերուն եւ Ռուսաստանի սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդու բարեկեցութեան վերահսկման դաշնային ծառայութեան «Ռոսպոտրեբնադզոր»-ի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: Կողմերը պաշտպանած են տեսակապի միջոցով Եւրասիական բարձրագոյն խորհրդի արտահերթ նիստ հրաւիրելու գաղափարը: Զրուցակիցները կարեւորած են
7 Ապրիլի 2020
3 ր. ընթերցում
Փաշինեան եւ Փութին հեռախօսով քննարկած են կազի սակագինի հարցը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ կողմերը քննարկած են Հայաստանին բնական կազի մատակարարման հետ կապուած հարցեր, տեղեկատուութիւն փոխանակած են Covid-19 համաճարակի դէմ պայքարի ուղղութեամբ տարուող քայլերու մասին: Նշուած է, որ երկու երկիրներու ալ իրավիճակը այդ առումով լիովին վերահսկելի է:

Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ռուսական կողմին, Հայաստանէն Ռուսաստան բեռնափոխադրումներու անխափան կայացումը ապահովելու ուղղութեամբ ձեռնարկած քայլերուն եւ Ռուսաստանի սպառողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդու բարեկեցութեան վերահսկման դաշնային ծառայութեան «Ռոսպոտրեբնադզոր»-ի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:

Կողմերը պաշտպանած են տեսակապի միջոցով Եւրասիական բարձրագոյն խորհրդի արտահերթ նիստ հրաւիրելու գաղափարը: Զրուցակիցները կարեւորած են ինչպէս երկկողմանի ձեւաչափով, այնպէս ալ ԵԱՏՄ-ի (եւրասիական տնտեսական միութիւն) ծիրէն ներս յաճախակի հաղորդակցութեան իրագործումը:

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 853-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 853-ի

Հնարաւոր է, որ մէկ շաբաթէն սահմանափակումները աստիճանաբար թուլանան. Վարչապետ
Յաջորդ նիւթը

Հնարաւոր է, որ մէկ շաբաթէն սահմանափակումները աստիճանաբար թուլանան. Վարչապետ

ԱնցնիլՎեր