Փաշինեան Իրանի հետ բազմաշերտ օրակարգի ընդլայնման յոյս յայտնած է

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենէիին եւ Իրանի նախագահ Սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսիին՝ Նոր տարուան (Նեվրուզ) կապակցութեամբ: Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդին ուղղուած ուղերձին մէջ Նիկոլ Փաշինեան մաղթած է, որ գալիք տարին հարեւան եւ «բարեկամ Իրանի համար նշանաւորուի իւրատիպ յաջողութիւններով եւ խաղաղութեամբ»։     «Հայ-իրանական յարաբերութիւններն առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեն Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի համար: Լիայոյս եմ, որ առաջիկայում ականատես կը լինենք երկկողմ բազմաշերտ օրակարգի ընդլայնմանը, որը խթան կը դառնայ մեր բարեկամական յարաբերութիւնների առաւել խորացմանն ու աճին՝ ի շահ հայ եւ իրանցի ժողովուրդների բարօրութեան եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:       Իրանի նախագահին ուղղուած ուղերձին
22 Մարտի 2023
3 ր. ընթերցում
Փաշինեան Իրանի հետ բազմաշերտ օրակարգի ընդլայնման յոյս յայտնած է

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձներ յղած Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենէիին եւ Իրանի նախագահ Սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսիին՝ Նոր տարուան (Նեվրուզ) կապակցութեամբ:

Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդին ուղղուած ուղերձին մէջ Նիկոլ Փաշինեան մաղթած է, որ գալիք տարին հարեւան եւ «բարեկամ Իրանի համար նշանաւորուի իւրատիպ յաջողութիւններով եւ խաղաղութեամբ»։    

«Հայ-իրանական յարաբերութիւններն առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեն Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի համար:

Լիայոյս եմ, որ առաջիկայում ականատես կը լինենք երկկողմ բազմաշերտ օրակարգի ընդլայնմանը, որը խթան կը դառնայ մեր բարեկամական յարաբերութիւնների առաւել խորացմանն ու աճին՝ ի շահ հայ եւ իրանցի ժողովուրդների բարօրութեան եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:      

Իրանի նախագահին ուղղուած ուղերձին մէջ Հայաստանի վարչապետը նշած է.

«Շարունակելով համագործակցութեան անշեղ ուղին՝ ընթացիկ տարում նոր վերելք կը հաղորդենք հայ-իրանական բազմաշերտ օրակարգին՝ ի շահ մեր երկու ժողովուրդների եւ պետութիւնների բարեկեցութեան»:

Պաքուն Երեւանին կոչ ըրած է «չչարաշահելու Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութեան փաստը»
Նախորդ նիւթը

Պաքուն Երեւանին կոչ ըրած է «չչարաշահելու Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութեան փաստը»

Արմէն Եգորեան Պրազիլիոյ մէջ ՀՀ դեսպան նշանակուած է
Յաջորդ նիւթը

Արմէն Եգորեան Պրազիլիոյ մէջ ՀՀ դեսպան նշանակուած է

ԱնցնիլՎեր