Փաշինեան կարեւորած է Ռուսիոյ հասցէական արձագանգը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հեռախօսազրոյցին ընթացքին քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Մարտ 5-ին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած ահաբեկչական գործողութեան եւ անոր հետեւանքներուն: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճգնաժամի յաղթահարման ծիրին մէջ ՀՀ վարչապետը կարեւորած է Ռուսիոյ կողմէ հասցէական արձագանգը: Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ: Քննարկուած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի, Նոյեմբեր 26-ի եւ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ի` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման վերաբերող
13 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
Փաշինեան կարեւորած է Ռուսիոյ հասցէական արձագանգը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Հեռախօսազրոյցին ընթացքին քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը:

Այս ծիրին մէջ վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Մարտ 5-ին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած ահաբեկչական գործողութեան եւ անոր հետեւանքներուն: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճգնաժամի յաղթահարման ծիրին մէջ ՀՀ վարչապետը կարեւորած է Ռուսիոյ կողմէ հասցէական արձագանգը:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ:

Քննարկուած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի, Նոյեմբեր 26-ի եւ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ի` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման վերաբերող հարցեր:

Սուրէն Պապիկեանն ընդունած է ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարը
Նախորդ նիւթը

Սուրէն Պապիկեանն ընդունած է ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարը

«Հայաստանը հարեւաններից տարածքային պահանջներ չունի». Սիմոնեանը՝ Պահրէյնի մէջ ընթացող Միջխորհրդարանական միութեան վեհաժողովին
Յաջորդ նիւթը

«Հայաստանը հարեւաններից տարածքային պահանջներ չունի». Սիմոնեանը՝ Պահրէյնի մէջ ընթացող Միջխորհրդարանական միութեան վեհաժողովին

ԱնցնիլՎեր