Փաշինեան հանդիպած է Ֆրանսայի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն ներս հանդիպած է Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր բնագաւառներու մէջ: Վարչապետի պաշտօնակատարը նախ առանձին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանի եւ hոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թերզեանի հետ: Ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ բանակցութիւններու արդիւնքներուն, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծմանն ուղղուած քայլերուն, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջածիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերականգնման, Սփիւռքի ներուժի լիարժէք իրացման հնարաւորութիւններուն: Վերջինիս հետ կապուած Նիկոլ Փաշինեանը բարձր
2 Հունիսի 2021
5 ր. ընթերցում
Փաշինեան հանդիպած է Ֆրանսայի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն ներս հանդիպած է Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր բնագաւառներու մէջ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը նախ առանձին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանի եւ hոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թերզեանի հետ:

Ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ բանակցութիւններու արդիւնքներուն, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծմանն ուղղուած քայլերուն, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջածիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերականգնման, Սփիւռքի ներուժի լիարժէք իրացման հնարաւորութիւններուն: Վերջինիս հետ կապուած Նիկոլ Փաշինեանը բարձր գնահատած է սփիւռքահայութեան համախմբուածութիւնը յատկապէս պատերազմի օրերուն եւ հայրենիքին ցուցաբերած անգնահատելի օժանդակութիւնը։ 

Վարչապետի պաշտօնակատարը հանգամանալից պատասխանած է ֆրանսահայերուն հետաքրքրող բոլոր հարցերուն:

Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցը Ֆրանսայի Հանրապետութիւն աւարտած է: ՀՀ պատուիրակութիւնը ժամանած է Պրիւքսէլ, ուր 2 Յունիսին հանդիպում պիտի ունենայ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ։ Կը նախատեսուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարի հանդիպումը Պելժիոյ Թագաւորութեան վարչապետ Ալեքսանտր տե Քրոյի հետ։

Արտակ Բեգլարեանը Արցախի պետական նախարար նշանակուեցաւ
Նախորդ նիւթը

Արտակ Բեգլարեանը Արցախի պետական նախարար նշանակուեցաւ

Արցախի նախագահը աշխատանքային շրջայց կատարած է Ասկերան եւ Մարտունի
Յաջորդ նիւթը

Արցախի նախագահը աշխատանքային շրջայց կատարած է Ասկերան եւ Մարտունի

ԱնցնիլՎեր