Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Վլատիմիր Փութինի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ կարեւորած է ատոր յաղթահարման ուղղութեամբ Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը: Այս ծիրէն ներս, անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան: Զրուցակիցները քննարկած են 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ին, 2021 թուականի յունուար 11-ին, նոյեմբեր 26-ին եւ 2022 թուականի հոկտեմբեր 31-ին ստորագրուած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերող հարցեր: Միտքեր փոխանակուած են նաեւ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգային այլ հարցերու շուրջ:
1 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Վլատիմիր Փութինի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ կարեւորած է ատոր յաղթահարման ուղղութեամբ Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը:

Այս ծիրէն ներս, անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան:

Զրուցակիցները քննարկած են 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ին, 2021 թուականի յունուար 11-ին, նոյեմբեր 26-ին եւ 2022 թուականի հոկտեմբեր 31-ին ստորագրուած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերող հարցեր:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգային այլ հարցերու շուրջ:

Կը շարունակուին բանակցութիւնները Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով անխոչընդոտ շարժը վերսկսելու վերաբերեալ. ՌԴ ՊՆ
Նախորդ նիւթը

Կը շարունակուին բանակցութիւնները Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով անխոչընդոտ շարժը վերսկսելու վերաբերեալ. ՌԴ ՊՆ

Յոյսով եմ՝ Հայաստանը կը միանայ Թրանս–Կովկաս ծրագրին. Չաւուշօղլու
Յաջորդ նիւթը

Յոյսով եմ՝ Հայաստանը կը միանայ Թրանս–Կովկաս ծրագրին. Չաւուշօղլու

ԱնցնիլՎեր