Փաշինեան քիչ ետք ԱԺ պիտի գայ. խորհրդարանը մէկ վայրկեան լռութեամբ սկսաւ նիստը

ԱԺ-ն իր այսօրուայ աշխատանքները սկսաւ այս գիշեր հայ-ատրպէյճանական սահմանին զոհուածներու յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով։ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան յայտնեց, որ ատրպէյճանական զօրքերը մի քանի ուղղութեամբ կրակ բացած են ՀՀ ուղղութեամբ, ունինք զոհեր եւ վիրաւորներ։ «Ստեղծուած իրավիճակում թէ՛ ժողովուրդը, թէ՛ քաղաքական ուժերը պէտք է լինեն մաքսիմալ (առաւելագոյն) միասնական։ Այս իրավիճակում չենք կարող քաղաքական տարաձայնութիւններին տեղ տալ»,–ըսած է ան։ Սիմոնեան յորդորած է հետեւիլ միայն պաշտօնական տեղեկատւութեան։ Ան յայտնած է նաեւ, որ ժամը 11-ին ԱԺ պիտի գայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այսօր նաեւ ԱԺ-ի մէջ նախագիծ պիտի ներկայացուի եւ քննարկուի ատրպէյճանական յարձակման վերաբերեալ։ Արծուիկ Մինասեանը յայտնած` այսօր իրենք Ազգային Ժողով եկած են, որպէսզի առաջարկեն մէկ կողմ մղել ընթացիկ օրակարգերը եւ քննարկել ստեղծուած
13 Սեպտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Փաշինեան քիչ ետք ԱԺ պիտի գայ. խորհրդարանը մէկ վայրկեան լռութեամբ սկսաւ նիստը

ԱԺ-ն իր այսօրուայ աշխատանքները սկսաւ այս գիշեր հայ-ատրպէյճանական սահմանին զոհուածներու յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով։

ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան յայտնեց, որ ատրպէյճանական զօրքերը մի քանի ուղղութեամբ կրակ բացած են ՀՀ ուղղութեամբ, ունինք զոհեր եւ վիրաւորներ։

«Ստեղծուած իրավիճակում թէ՛ ժողովուրդը, թէ՛ քաղաքական ուժերը պէտք է լինեն մաքսիմալ (առաւելագոյն) միասնական։ Այս իրավիճակում չենք կարող քաղաքական տարաձայնութիւններին տեղ տալ»,–ըսած է ան։

Սիմոնեան յորդորած է հետեւիլ միայն պաշտօնական տեղեկատւութեան։

Ան յայտնած է նաեւ, որ ժամը 11-ին ԱԺ պիտի գայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այսօր նաեւ ԱԺ-ի մէջ նախագիծ պիտի ներկայացուի եւ քննարկուի ատրպէյճանական յարձակման վերաբերեալ։

Արծուիկ Մինասեանը յայտնած` այսօր իրենք Ազգային Ժողով եկած են, որպէսզի առաջարկեն մէկ կողմ մղել ընթացիկ օրակարգերը եւ քննարկել ստեղծուած իրավիճակը, երկիր ընելիքները։

Ստեփանակերտ-Երևան միջպետական ճանապարհից օգտվել խիստ անհրաժեշտության պարագայում
Նախորդ նիւթը

Ստեփանակերտ-Երևան միջպետական ճանապարհից օգտվել խիստ անհրաժեշտության պարագայում

Այս պահուն 49 զոհ ունինք. ցաւօք թիւը վերջնական չէ․ Նիկոլ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Այս պահուն 49 զոհ ունինք. ցաւօք թիւը վերջնական չէ․ Նիկոլ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր