Փաշինյան-Ռիքըր հանդիպում. քննարկուած են Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու միջազգային մեքանիզմի ձեւաւորման վերաբերող հարցեր

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի ԱՄՆ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն, Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է անոր այցը տարածաշրջան եւ բարձր գնահատած ԱՄՆ դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւն: Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, այդ թուին՝ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու միջազգային մեքանիզմի ձեւաւորման վերաբերող հարցեր: Մտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային կայունութեան ու անվտանգութեան առնչուող այլ թեմաներու շուրջ: Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցերուն: Կարեւորուած է ԱՄՆ շարունակական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական
2 Դեկտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Փաշինյան-Ռիքըր հանդիպում. քննարկուած են Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու միջազգային մեքանիզմի ձեւաւորման վերաբերող հարցեր

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի ԱՄՆ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն, Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է անոր այցը տարածաշրջան եւ բարձր գնահատած ԱՄՆ դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւն:

Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, այդ թուին՝ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու միջազգային մեքանիզմի ձեւաւորման վերաբերող հարցեր:

Մտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային կայունութեան ու անվտանգութեան առնչուող այլ թեմաներու շուրջ:

Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցերուն: Կարեւորուած է ԱՄՆ շարունակական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման գործով:

Փրակայի փաստաթուղթը լուծում է Ղարաբաղեան Հիմնախնդրին համար. Լաւրով
Նախորդ նիւթը

Փրակայի փաստաթուղթը լուծում է Ղարաբաղեան Հիմնախնդրին համար. Լաւրով

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի խօսքով՝ նոր ռազմական մագլցումի վտանգ միշտ ալ կայ
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի խօսքով՝ նոր ռազմական մագլցումի վտանգ միշտ ալ կայ

ԱնցնիլՎեր