Փեսքովը` Փութինի ու Փաշինեանի հանդիպման մասին

ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը կարեւորած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի այցը Ռուսաստան՝ նշելով, որ անոր հանդիպումը Ռուսաստանի առաջնորդ Վլատիմիր Փութինի հետ տեղի պիտի ունենայ կէսօրին: Այս մասին գրած է Ռիա Նովոստին։ «Կէսօրին կը նախատեսուի հանդիպում Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանի հետ, որ աշխատանքային այցով Մոսկուա է: Սա պիտի ըլլայ շփում Փաշինեանի հետ, իսկ ետքը անոնք պիտի շարունակեն շփումը, նախագահն ու վարչապետը, աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով», — ըսած է Փեսքով։ «Սա կարեւոր է, եւ, ըստ էութեան, առաջին արտասահմանեան այցն է, որ կը կատարէ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթելէ ետք, բաւականին վստահ, համոզիչ յաղթանակ», — աւելցուցած է ան: Փութին-Փաշինեան բանակցութիւններէն ետք փաստաթուղթերու ստորագրում
7 Հուլիսի 2021
4 ր. ընթերցում
Փեսքովը` Փութինի ու Փաշինեանի հանդիպման մասին

ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը կարեւորած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի այցը Ռուսաստան՝ նշելով, որ անոր հանդիպումը Ռուսաստանի առաջնորդ Վլատիմիր Փութինի հետ տեղի պիտի ունենայ կէսօրին: Այս մասին գրած է Ռիա Նովոստին։

«Կէսօրին կը նախատեսուի հանդիպում Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանի հետ, որ աշխատանքային այցով Մոսկուա է: Սա պիտի ըլլայ շփում Փաշինեանի հետ, իսկ ետքը անոնք պիտի շարունակեն շփումը, նախագահն ու վարչապետը, աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով», — ըսած է Փեսքով։

«Սա կարեւոր է, եւ, ըստ էութեան, առաջին արտասահմանեան այցն է, որ կը կատարէ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթելէ ետք, բաւականին վստահ, համոզիչ յաղթանակ», — աւելցուցած է ան:

Փութին-Փաշինեան բանակցութիւններէն ետք փաստաթուղթերու ստորագրում չի նախատեսուիր, անոնք պիտի քննարկեն իրավիճակը Ղարաբաղի մէջ, ռուսական զօրքերու տեղակայումը եւ երկկողմ յարաբերութիւնները: «Ոչ, սա հաղորդագրութիւն է, որ չի համապատասխաներ իրականութեան: Ի հարկէ, պիտի քննարկուի Ղարաբաղը, եւ պիտի քննարկուին այնտեղ տեղակայուած ռուս զինուորականներու հարցը, եւ ընդհանրապէս երկկողմ յարաբերութիւնները, բայց չի նախատեսուիր փաստաթուղթերու ստորագրում»,-ըսած է Փեսքովը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ կը նախատեսուի, որ հանդիպումէն ետք պայմանագիր ստորագրուի ռուս խաղաղապահներու մէկ այլ խումբ մտցնելու մասին:

«Քորոնա»ն չի նահանջեր. հաստատուած է 140 նոր դէպք, գրանցուած է՝ 1 մահ
Նախորդ նիւթը

«Քորոնա»ն չի նահանջեր. հաստատուած է 140 նոր դէպք, գրանցուած է՝ 1 մահ

ՔՊ-ն  ներգրաւուած է որպէս 3-րդ անձ՝ ԿԸՅ-ի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփման վէճի վերաբերեալ դատավարութեան. Բադասեան
Յաջորդ նիւթը

ՔՊ-ն  ներգրաւուած է որպէս 3-րդ անձ՝ ԿԸՅ-ի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփման վէճի վերաբերեալ դատավարութեան. Բադասեան

ԱնցնիլՎեր