Փոխադրային ուղիները պիտի ապաշրջափակուին երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքոյ. Գոյացած է փոխընբռնում

2 Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Միրզոյեանը վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման եւ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման վերաբերեալ։ Կարեւորուած է սահմանային իրավիճակի վերահսկման միջազգային մեքանիզմներու ներդրումը։ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի Զինեալ ուժերու իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւնները յստակ գնահատականի պէտք է արժանանան միջազգային ատեաններու կողմէ, իսկ յանցագործները՝ պատասխանատւութեան ենթարկուին։ «Կողմերը մտքեր են փոխանակել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան երաշխիքների ապահովման վերաբերեալ,
3 Հոկտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Փոխադրային ուղիները պիտի ապաշրջափակուին երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքոյ. Գոյացած է փոխընբռնում

2 Հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Միրզոյեանը վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման եւ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման վերաբերեալ։ Կարեւորուած է սահմանային իրավիճակի վերահսկման միջազգային մեքանիզմներու ներդրումը։

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի Զինեալ ուժերու իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւնները յստակ գնահատականի պէտք է արժանանան միջազգային ատեաններու կողմէ, իսկ յանցագործները՝ պատասխանատւութեան ենթարկուին։

«Կողմերը մտքեր են փոխանակել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան երաշխիքների ապահովման վերաբերեալ, այդ թուում` Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումների մեքանիզմի ստեղծման միջոցով»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ  Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան` դրական գնահատուած է երկուստեք ըմբռնումը, որ տարածաշրջանային փոխադրային ուղիները պիտի ապաշրջափակուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ։

Յանցանքը կատարողները ատրպէյճանական նորաստեղծ «Քոմանտօ» «Քոմանտօ» ջոկատին կը պատկանին. «Թաթոյեան Հիմնադրամ»
Նախորդ նիւթը

Յանցանքը կատարողները ատրպէյճանական նորաստեղծ «Քոմանտօ» «Քոմանտօ» ջոկատին կը պատկանին. «Թաթոյեան Հիմնադրամ»

Ատրպէյճան խոստացած էր մինչեւ 30 սեպտեմբերը 17 հայ գերի ազատ արձակել. ԱԽ քարտուղար
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճան խոստացած էր մինչեւ 30 սեպտեմբերը 17 հայ գերի ազատ արձակել. ԱԽ քարտուղար

ԱնցնիլՎեր