Փութինն ու Մաքրոնը քննարկած են Ղարաբաղի հարցը

Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը հեռախօսով քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս մասին յայտնած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը: «Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը: Գոհունակութեամբ արձանգրուած է, որ իրավիճակը կը շարունակէ հանգիստ մնալ, կը շարունակուի համակարգուած աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 9 նոյեմբերի 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եւ Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւններու իրականացման ուղղութեամբ: Արտայայտուած է ԼՂ կարգաւորման տարբեր գործօններու շուրջ համակարգման փոխադարձ պատրաստակամութիւն, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գծով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ Էլիզեան պալատի հաղորդագրութեան, Ֆրանսայի պետութեան ղեկավարն ընդգծած է ռազմագերիներու, մարդասիրական աջակցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով
27 Ապրիլի 2021
3 ր. ընթերցում
Փութինն ու Մաքրոնը քննարկած են Ղարաբաղի հարցը

Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը հեռախօսով քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս մասին յայտնած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:

«Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը: Գոհունակութեամբ արձանգրուած է, որ իրավիճակը կը շարունակէ հանգիստ մնալ, կը շարունակուի համակարգուած աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 9 նոյեմբերի 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եւ Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւններու իրականացման ուղղութեամբ:

Արտայայտուած է ԼՂ կարգաւորման տարբեր գործօններու շուրջ համակարգման փոխադարձ պատրաստակամութիւն, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գծով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ Էլիզեան պալատի հաղորդագրութեան, Ֆրանսայի պետութեան ղեկավարն ընդգծած է ռազմագերիներու, մարդասիրական աջակցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով առաջընթացի հասնելու անհրաժեշտութիւնը: «Երկու երկիրներու նախագահները պայմանաւորուած են վերականգնել ջանքերը Մինսքի խումբի շրջանակներէն ներս՝ իրավիճակի կայուն կարգաւորման հասնելու համար, եւ առաջիկայ օրերուն այդ ուղղութեամբ յստակ նախաձեռնութիւններ պիտի ձեռնարկուին»:

Այժմ մենք կ'աշխատինք Զանգեզուրի փոխադրային միջանցքի ուղղութեամբ. Ալիեւ
Նախորդ նիւթը

Այժմ մենք կ’աշխատինք Զանգեզուրի փոխադրային միջանցքի ուղղութեամբ. Ալիեւ

Ատրպէյճանցիները 370 մեթր առաջ եկած են Նոր Ղազանչիի տարածքին մէջ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանցիները 370 մեթր առաջ եկած են Նոր Ղազանչիի տարածքին մէջ

ԱնցնիլՎեր