Փութին եւ Ալիեւ 20 Յուլիսին պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

Ռուսաստանի Դաշնութեան մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ 20 Յուլիսին տեղի պիտի ունենան ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը: «Կը նախատեսուի կարծիքներու փոխանակում տարածաշրջանային արդիական խնդիրներու շուրջ: Հիմնական ուշադրութիւն պիտի դարձուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի Յունուար 11-ի պայմանաւորուածութիւններու իրագործման գործնական քայլերուն, այդ շարքին ՝ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման եւ զարգացման խնդիրներու լուծման»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
19 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Փութին եւ Ալիեւ 20 Յուլիսին պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

Ռուսաստանի Դաշնութեան մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ 20 Յուլիսին տեղի պիտի ունենան ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:

«Կը նախատեսուի կարծիքներու փոխանակում տարածաշրջանային արդիական խնդիրներու շուրջ: Հիմնական ուշադրութիւն պիտի դարձուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի Յունուար 11-ի պայմանաւորուածութիւններու իրագործման գործնական քայլերուն, այդ շարքին ՝ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման եւ զարգացման խնդիրներու լուծման»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պատմութիւնը չի կրնար ըլլալ երկրի մը ուժեղ կողմը, որու թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ՛ քաղաքական անուանումը մէկդարեայ պատմութիւն ունի. ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Պատմութիւնը չի կրնար ըլլալ երկրի մը ուժեղ կողմը, որու թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ՛ քաղաքական անուանումը մէկդարեայ պատմութիւն ունի. ԱԳՆ

Հայ ողիմպիականները կը մեկնին Թոքիօ
Յաջորդ նիւթը

Հայ ողիմպիականները կը մեկնին Թոքիօ

ԱնցնիլՎեր