Փութին ճանչցաւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան անյապաղ ճանաչման մասին: Անկէ ետք համագործակցութեան մասին փաստաթուղթեր ստորագրուեցան Փութինի եւ ՏԺՀ ղեկավար Տենիս Փուշիլինի ու ԼԺՀ ղեկավար Լէոնիտ Փասեչնիքի միջեւ: Այսօր Դաշնային խորհուրդի փակ նիստին մէջ պիտի քննարկուի ՏԺՀ-ի եւ ԼԺՀ-ի ճանաչման հարցը: Աւելի վաղ այս խնդրանքով Ռուսաստանի ղեկավարին դիմած էին ինքնահռչակ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն ղեկավարները: Երկուշաբթի օր կայացած նիստին ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները պաշտպանած են այս նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ Ուքրանիան Ռուսաստանին այլընտրանք չէ թողած: Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրած է: «Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին հնչեցուած յայտարարութիւններուն առիթով
24 Փետրվարի 2022
3 ր. ընթերցում
Փութին ճանչցաւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան անյապաղ ճանաչման մասին:

Անկէ ետք համագործակցութեան մասին փաստաթուղթեր ստորագրուեցան Փութինի եւ ՏԺՀ ղեկավար Տենիս Փուշիլինի ու ԼԺՀ ղեկավար Լէոնիտ Փասեչնիքի միջեւ:

Այսօր Դաշնային խորհուրդի փակ նիստին մէջ պիտի քննարկուի ՏԺՀ-ի եւ ԼԺՀ-ի ճանաչման հարցը:

Աւելի վաղ այս խնդրանքով Ռուսաստանի ղեկավարին դիմած էին ինքնահռչակ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն ղեկավարները: Երկուշաբթի օր կայացած նիստին ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները պաշտպանած են այս նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ Ուքրանիան Ռուսաստանին այլընտրանք չէ թողած:

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրած է:

«Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին հնչեցուած յայտարարութիւններուն առիթով ես հրատապ խորհրդակցութիւններ կատարեցի Էմանուել Մաքրոնի եւ Օլաֆ Շոլցի հետ եւ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրեցի», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։

Փութինն ու Ալիեւը դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր ստորագրած են
Նախորդ նիւթը

Փութինն ու Ալիեւը դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր ստորագրած են

Հայաստանի օրակարգին մէջ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը ճանչնալու հարց չկայ. ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի օրակարգին մէջ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը ճանչնալու հարց չկայ. ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր