«Քարագլուխի հիմնական բարձունքը մերն է. պիտի իրականացնենք վճռական քայլեր»․ Արցախի Նախագահ

Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն նպատակը ամբողջ Քարագլուխը գրաւելը եղած է, Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին ժամանակ յայտնած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` արձանագրելով․ «Քարագլխի հիմնական բարձունքը, ամենաբարձր կէտը, գտնւում է մեր վերահսկողութեան տակ, սակայն որոշ կարեւոր բարձունքներ այսօր գտնւում են Ատրպէյճանի զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ»: «Մեր նպատակն է, որ ատրպէյճանցիները ետ գնան ելման դիրքեր: Մեր պահանջն ու խնդրանքը խաղաղապահ ուժերին այն է եղել, որ սթաթուս-քօն, որը բխում է եռակողմ յայտարարութիւնից, պէտք է վերականգնուի: Այս պահանջը մենք երբեւէ չենք փոխելու», ըսած է Արցախի նախագահը: Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած այդ սադրանքին նպատակը եղած է առաջին հերթին ռուսական խաղաղապահ ուժերու դերակատարութիւնը վարկաբեկելը, համոզմունք յայտնած
1 Ապրիլի 2022
4 ր. ընթերցում
«Քարագլուխի հիմնական բարձունքը մերն է. պիտի իրականացնենք վճռական քայլեր»․ Արցախի Նախագահ

Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն նպատակը ամբողջ Քարագլուխը գրաւելը եղած է, Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին ժամանակ յայտնած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը` արձանագրելով․ «Քարագլխի հիմնական բարձունքը, ամենաբարձր կէտը, գտնւում է մեր վերահսկողութեան տակ, սակայն որոշ կարեւոր բարձունքներ այսօր գտնւում են Ատրպէյճանի զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ»:

«Մեր նպատակն է, որ ատրպէյճանցիները ետ գնան ելման դիրքեր: Մեր պահանջն ու խնդրանքը խաղաղապահ ուժերին այն է եղել, որ սթաթուս-քօն, որը բխում է եռակողմ յայտարարութիւնից, պէտք է վերականգնուի: Այս պահանջը մենք երբեւէ չենք փոխելու», ըսած է Արցախի նախագահը:

Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած այդ սադրանքին նպատակը եղած է առաջին հերթին ռուսական խաղաղապահ ուժերու դերակատարութիւնը վարկաբեկելը, համոզմունք յայտնած է Յարութիւնեանը: «Մենք համարում ենք, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերը շարունակում են իրականացնել իրենց առաքելութիւնը, չհաշուած այդ դրուագը», ընդգծած է Արցախի նախագահը եւ զգօնութիւնը բարձր մակարդակի վրայ պահելու կոչ ըրած է, «մինչեւ պարզ լինի, որ Ատրպէյճանը նման սադրանքների էլ չի գնալու»:

«Դրա համար հետագայում մենք մեր ինքնապաշտպանութեան առումով շատ աւելի արմատական եւ վճռական քայլեր ենք իրականացնելու», եզրափակած է Յարութիւնեանը:

Տիգրան Աւինեան Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին ՝ իշխանութեան թեկնածու
Նախորդ նիւթը

Տիգրան Աւինեան Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին ՝ իշխանութեան թեկնածու

Երեւանը կ’ակնկալէ, որ Ուքրանիոյ մէջ ծաւալած ռազմական գործողութիւնները ԵԱՀԿ օրակարգէն դուրս չեն թողեր Ղարաբաղի հակամարտութիւնը. Միրզոյեան
Յաջորդ նիւթը

Երեւանը կ’ակնկալէ, որ Ուքրանիոյ մէջ ծաւալած ռազմական գործողութիւնները ԵԱՀԿ օրակարգէն դուրս չեն թողեր Ղարաբաղի հակամարտութիւնը. Միրզոյեան

ԱնցնիլՎեր