«Քովիտ-19»-ով վարակման դէպքերու թիւը աշխարհի մէջ գերազանցած է 222,5 միլիոնը

«Քովիտ-19» «Քորոնա» ժահրով վարակման գրանցուած դէպքերու թիւը աշխարհի մէջ 9 Սեպտեմբերի առաւօտուան դրութեամբ կազմած Է 222 միլիոն 564 հազար 649: Այդ մասին կը վկայեն Ճոնս Հոփքինսի ամերիկեան համալսարանի տուեալները: Ժահրի տարածման սկիզբէն ի վեր «Քովիտ-19»-ի հետ կապուած հիւանդութիւններէն մահացածներու թիւը հասած Է 4 միլիոն 596 հազար 53 մարդ: COVID-19-ով վարակման աւելի քան 20 միլիոն դէպք գրանցած երկիրներու թիւի մէջ կը մտնեն ԱՄՆ-ը, Հնդկաստանը եւ Պրազիլը: Վարակուածներու եւ մահացածներու թիւով առաջատարը կը մնայ Միացեալ Նահանգները, ուր միագումար յայտնաբերուած Է 40 միլիոն 456 հազար 788 «Քովիտ-19»-ով ախտահարուած, իսկ մահացածներու թիւը հասած Է 652 հազար 672-ի: Վարակուածներու թիւով երկրորդ տեղը կը զբաղցնԷ Հնդկաստանը,
9 Սեպտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
«Քովիտ-19»-ով վարակման դէպքերու թիւը աշխարհի մէջ գերազանցած է 222,5 միլիոնը

«Քովիտ-19» «Քորոնա» ժահրով վարակման գրանցուած դէպքերու թիւը աշխարհի մէջ 9 Սեպտեմբերի առաւօտուան դրութեամբ կազմած Է 222 միլիոն 564 հազար 649: Այդ մասին կը վկայեն Ճոնս Հոփքինսի ամերիկեան համալսարանի տուեալները: Ժահրի տարածման սկիզբէն ի վեր «Քովիտ-19»-ի հետ կապուած հիւանդութիւններէն մահացածներու թիւը հասած Է 4 միլիոն 596 հազար 53 մարդ:

COVID-19-ով վարակման աւելի քան 20 միլիոն դէպք գրանցած երկիրներու թիւի մէջ կը մտնեն ԱՄՆ-ը, Հնդկաստանը եւ Պրազիլը: Վարակուածներու եւ մահացածներու թիւով առաջատարը կը մնայ Միացեալ Նահանգները, ուր միագումար յայտնաբերուած Է 40 միլիոն 456 հազար 788 «Քովիտ-19»-ով ախտահարուած, իսկ մահացածներու թիւը հասած Է 652 հազար 672-ի:

Վարակուածներու թիւով երկրորդ տեղը կը զբաղցնԷ Հնդկաստանը, ուր COVID-19-ի հաստատուած դէպքերու թուաքանակը հասած Է 33 միլիոն 139 հազար 12-ի, իսկ ախտահարման հետեւանքներէն մահացածներու թիւը կազմած Է 441 հազար 749 մարդ:

Աշխարհի մէջ ախտահարուածներու թիւով երրորդ հորիզոնականին կը գտնուի Պրազիլը, ուր համավարակի ժամանակաշրջանին գրանցուած Է 20 միլիոն 928 հազար 8 հիւանդացած, մահացած Է 584 հազար 421 մարդ:

Worldometer-ի տուեալներով, մոլորակի 1 միլիոն բնակչութեան հաշուով մահացութեան գործակիցը 1 Սեպտեմբերի առաւօտուան դրութեամբ կազմած Է 591,5:

ԱՄՆ-ի մէջ 1 միլիոն բնակիչի հաշուով մահացած Է 2014, Հնդկաստանի մէջ՝ 316, Պրազիլի մէջ՝ 2727 մարդ, հաղորդած Է «Ինթըրֆաքս»-ը:

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորականները համատեղ զօրավարժութիւններ կ'իրականացնեն Քաշաթաղի շրջանին մէջ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորականները համատեղ զօրավարժութիւններ կ’իրականացնեն Քաշաթաղի շրջանին մէջ

Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները արդիւնաւէտ գնահատած են երկկողմ բանակցութիւնները
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները արդիւնաւէտ գնահատած են երկկողմ բանակցութիւնները

ԱնցնիլՎեր