« «Քորոնա» ժահրը մեր սերունդի մեծագոյն առողջապահական ճգնաժամն է». ՄԱԿ

Ելոյթ ունենալով Պատուաստանիւթերի հարցով համաշխարհային գագաթնաժողովին՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշը յայտարարած է, որ «Քովիտ-19» «Քորոնա» ժահրի պատուաստանիւթը պէտք է դիտարկուի որպէս «ժողովրդական պատուաստանիւթ»: ««Քովիտ-19»-ը մեր սերունդի մեծագոյն առողջապահական ճգնաժամն է, եւ այս պահուն մենք ոչ մէկ պատուաստանիւթ ունինք: Քանի որ միասին կ’աշխատինք այն ստեղծելու ուղղութեամբ, կարեւոր դաս ունինք քաղելու: Պատուաստանիւթը ինքնին բաւական չէ. մենք համաշխարհային համերաշխութեան կարիք ունինք, որպէսզի վստահ ըլլանք, որ իւրաքանչիւրի համար հասանելիութիւն կ’ունենայ: «Քովիտ-19»-ի պատուաստանիւթը պէտք է ծառայէ համաշխարհային հասարակութեան, այն պէտք է ըլլայ ժողովրդական պատուաստանիւթ»,- CNN-ի փոխանցմամբ՝ հինգշաբթի յայտարարած է միջազգային կամզակերպութեան ղեկավարը: Պատուաստանիւթերու հարցով համաշխարհային գագաթնաժողովը առցանց ժողով է, որ հրաւիրած է Մեծ Բրիտանիան՝ համաշխարհային
5 Հունիսի 2020
3 ր. ընթերցում
« «Քորոնա» ժահրը մեր սերունդի մեծագոյն առողջապահական ճգնաժամն է». ՄԱԿ

Ելոյթ ունենալով Պատուաստանիւթերի հարցով համաշխարհային գագաթնաժողովին՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշը յայտարարած է, որ «Քովիտ-19» «Քորոնա» ժահրի պատուաստանիւթը պէտք է դիտարկուի որպէս «ժողովրդական պատուաստանիւթ»:

««Քովիտ-19»-ը մեր սերունդի մեծագոյն առողջապահական ճգնաժամն է, եւ այս պահուն մենք ոչ մէկ պատուաստանիւթ ունինք: Քանի որ միասին կ’աշխատինք այն ստեղծելու ուղղութեամբ, կարեւոր դաս ունինք քաղելու: Պատուաստանիւթը ինքնին բաւական չէ. մենք համաշխարհային համերաշխութեան կարիք ունինք, որպէսզի վստահ ըլլանք, որ իւրաքանչիւրի համար հասանելիութիւն կ’ունենայ: «Քովիտ-19»-ի պատուաստանիւթը պէտք է ծառայէ համաշխարհային հասարակութեան, այն պէտք է ըլլայ ժողովրդական պատուաստանիւթ»,- CNN-ի փոխանցմամբ՝ հինգշաբթի յայտարարած է միջազգային կամզակերպութեան ղեկավարը:

Պատուաստանիւթերու հարցով համաշխարհային գագաթնաժողովը առցանց ժողով է, որ հրաւիրած է Մեծ Բրիտանիան՝ համաշխարհային առաջնորդներու հետ համագործակցութեան եղանակներ քննարկելու եւ «Քորոնա» ժահրի պատուաստանիւթի ստեղծումը ֆինանսաւորելու համար:  

Ամբողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարդոց թիւը գերազանցած է 6,6 մլն-ը, մահացածներունը՝ 380 000-ը:

«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին Վրաստանը պատրաստ է օգնել Հայաստանին
Նախորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին Վրաստանը պատրաստ է օգնել Հայաստանին

Թուրքիոյ գործողութիւնները ուղղուած են ոչ միայն Կիպրոսի, այլեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու դէմ. ԱԳ նախարար
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիոյ գործողութիւնները ուղղուած են ոչ միայն Կիպրոսի, այլեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու դէմ. ԱԳ նախարար

ԱնցնիլՎեր