Քորոնա ժահրի (COVID-19) հիւանդութեան կապակցութեամբ. Յայտարարութիւն

Անդրադառնալով վերջին շաբաթներու ընթացքին համաշխարհային մակարդակով տարածուող Քորոնա (COVID-19) ժահրին պատճառած սարսափելի համաճարակին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը յանձնարարէ աշխարհացրիւ իր բոլոր շրջանակներուն եւ առ հասարակ՝ համայն հայ ժողովուրդին, աչալրջօրէն հետեւիլ այս վարակի տարածման զարգացումներուն, միաժամանակ լիովին յարգելով կանխարգիլման յանձնարարութիւնները տարբեր երկիրներու պատասխանատու համապատասխան մարմիններուն։ Ինչպէս արդէն կը յայտարարուի ամէնուրեք, հարկ է խուսափիլ բազմամարդ հաւաքներէ եւ միջոցառումներէ: Ընթացքին՝ առօրեայ հաղորդակցութեան նպատակներով, առարելաբար պէտք է օգտագործել համացանցային եւ հեռախօսային միջոցները: Բարձր պատասխանատւութեամբ պարտինք ի գործ դնել քաղաքացիական մեր ծառայութիւնը, հնարաւորին չափ կասեցնելու համար վերոյիշեալ ահաւոր հիւանդութեան տարածումը աշխարհի տարբեր գաղթօճախներուն եւ Մայր Հայրենիքի տարածքին: ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Ռաֆֆի Պալեան |
19 Մարտի 2020
3 ր. ընթերցում
Քորոնա ժահրի (COVID-19) հիւանդութեան կապակցութեամբ. Յայտարարութիւն

Անդրադառնալով վերջին շաբաթներու ընթացքին համաշխարհային մակարդակով տարածուող Քորոնա
(COVID-19) ժահրին պատճառած սարսափելի համաճարակին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը
յանձնարարէ աշխարհացրիւ իր բոլոր շրջանակներուն եւ առ հասարակ՝ համայն հայ ժողովուրդին,
աչալրջօրէն հետեւիլ այս վարակի տարածման զարգացումներուն, միաժամանակ լիովին յարգելով
կանխարգիլման յանձնարարութիւնները տարբեր երկիրներու պատասխանատու համապատասխան
մարմիններուն։

Ինչպէս արդէն կը յայտարարուի ամէնուրեք, հարկ է խուսափիլ բազմամարդ հաւաքներէ եւ
միջոցառումներէ: Ընթացքին՝ առօրեայ հաղորդակցութեան նպատակներով, առարելաբար պէտք է
օգտագործել համացանցային եւ հեռախօսային միջոցները:

Բարձր պատասխանատւութեամբ պարտինք ի գործ դնել քաղաքացիական մեր ծառայութիւնը, հնարաւորին չափ կասեցնելու համար վերոյիշեալ ահաւոր հիւանդութեան տարածումը աշխարհի տարբեր
գաղթօճախներուն եւ Մայր Հայրենիքի տարածքին:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ

Կառավարութիւնը 150 միլիառ դրամի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ տնտեսութեան
Նախորդ նիւթը

Կառավարութիւնը 150 միլիառ դրամի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ տնտեսութեան

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 136-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 136-ի

ԱնցնիլՎեր