«Քորոնա» ժահրով ախտորոշուած իտալացին վերջին մէկ շաբաթը աշխատած է «Թումօ»–ի շէնքին մէջ

Հայաստանի մէջ նախօրէին «քորոնա» ժահրով ախտորոշուած՝ Իտալիոյ քաղաքացին վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ մասնակցած է ընկերութիւններէն մէկուն գրասենեակի շինարարական աշխատանքներուն։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է կեդրոնի հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար Զառա Բուդաղեանը: «Ան ունեցած է սահմանափակ մուտք Թումոյի շէնքի վեցերորդ յարկ, ուր տեղի ունեցած են շինարարական աշխատանքները։ Ան մտած է ներս աշխատանքային մուտքէն, ունեցած է սահմանափակ շփում միայն շինարարական խումբի հետ, շփում չէ ունեցած ոչ մեր վարձակալ գործընկերներու, ոչ մեր անձնակազմի, ոչ երեխաներու հետ»,– ըսած է ան։ Զառա Բուդաղեանը նշած է, որ ամէն օր կ’ախտահանեն շէնքի տարածքը։ Վերջին պաշտօնական տուըալով Հայաստանի մէջ կայ 4 վարակուած, 88 մարդ մեկուսացուած
13 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
«Քորոնա» ժահրով ախտորոշուած իտալացին վերջին մէկ շաբաթը աշխատած է «Թումօ»–ի շէնքին մէջ

Հայաստանի մէջ նախօրէին «քորոնա» ժահրով ախտորոշուած՝ Իտալիոյ քաղաքացին վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ մասնակցած է ընկերութիւններէն մէկուն գրասենեակի շինարարական աշխատանքներուն։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է կեդրոնի հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար Զառա Բուդաղեանը:

«Ան ունեցած է սահմանափակ մուտք Թումոյի շէնքի վեցերորդ յարկ, ուր տեղի ունեցած են շինարարական աշխատանքները։ Ան մտած է ներս աշխատանքային մուտքէն, ունեցած է սահմանափակ շփում միայն շինարարական խումբի հետ, շփում չէ ունեցած ոչ մեր վարձակալ գործընկերներու, ոչ մեր անձնակազմի, ոչ երեխաներու հետ»,– ըսած է ան։

Զառա Բուդաղեանը նշած է, որ ամէն օր կ’ախտահանեն շէնքի տարածքը։

Վերջին պաշտօնական տուըալով Հայաստանի մէջ կայ 4 վարակուած, 88 մարդ մեկուսացուած է։

Շուշան Ստեփանեան նշանակուեցաւ ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ
Նախորդ նիւթը

Շուշան Ստեփանեան նշանակուեցաւ ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ

Արցախի մէջ նոր «քորոնա» ժահրի 40 փորձանմուշ եղած է, բոլորի պատասխանները բացասական են
Յաջորդ նիւթը

Արցախի մէջ նոր «քորոնա» ժահրի 40 փորձանմուշ եղած է, բոլորի պատասխանները բացասական են

ԱնցնիլՎեր