Շուշան Ստեփանեան նշանակուեցաւ ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հրամանով Շուշան Ստեփանեանը նշանակուած է ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար: Այս մասին «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: Շուշան Շահենի Ստեփանեան Զինուորական կոչումը՝ մայոր (1988-ի ծնունդ),  ծնած է Հադրութի մէջ, 2019 թ-էն կը ծառայէ ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ: 2009-ին ճանչցուած է European Journalism Centre-ի կողմէ կազմակերպուած հետաքննական լրագրութեան ուսումնական մրցոյթի յաղթող եւ վերապատրաստուած է Հոլանտայի մէջ: Պարգեւատրուած է «ՀՀ ԶՈւ 20 տարի» , «Ծ.Հ.Ս. Իսակով», «Անբասիր ծառայութեան համար» 1-ին աստիճանի, «Մարշալ Բաղրամեան» մետալներով, պատուոգրերով: Հայրը` Շահէն Ստեփանեանը, ղարաբաղեան պատերազմի աշխոյժ մասնակից է,  յետմահու պարգեւատրուած է Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի
12 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Շուշան Ստեփանեան նշանակուեցաւ ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հրամանով Շուշան Ստեփանեանը նշանակուած է ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար: Այս մասին «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Շուշան Շահենի Ստեփանեան Զինուորական կոչումը՝ մայոր (1988-ի ծնունդ),  ծնած է Հադրութի մէջ, 2019 թ-էն կը ծառայէ ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ:

2009-ին ճանչցուած է European Journalism Centre-ի կողմէ կազմակերպուած հետաքննական լրագրութեան ուսումնական մրցոյթի յաղթող եւ վերապատրաստուած է Հոլանտայի մէջ:

Պարգեւատրուած է «ՀՀ ԶՈւ 20 տարի» , «Ծ.Հ.Ս. Իսակով», «Անբասիր ծառայութեան համար» 1-ին աստիճանի, «Մարշալ Բաղրամեան» մետալներով, պատուոգրերով:

Հայրը` Շահէն Ստեփանեանը, ղարաբաղեան պատերազմի աշխոյժ մասնակից է,  յետմահու պարգեւատրուած է Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով:

Տիգրան Աւինեան դիմած է նախագահին 1698 անձի ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհելու առաջարկութեամբ
Նախորդ նիւթը

Տիգրան Աւինեան դիմած է նախագահին 1698 անձի ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհելու առաջարկութեամբ

«Քորոնա» ժահրով ախտորոշուած իտալացին վերջին մէկ շաբաթը աշխատած է «Թումօ»–ի շէնքին մէջ
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրով ախտորոշուած իտալացին վերջին մէկ շաբաթը աշխատած է «Թումօ»–ի շէնքին մէջ

ԱնցնիլՎեր