«Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2507-ի

Հայաստանի մէջ, 4 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 2507 դէպք, որոնցմէ 1071-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1393 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 24 942 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 121 նոր դէպք եւ 36 առողջացած։ Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 39 (աւելցած է եւս 4-ով) դէպք: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն մահացած հիւանդները եղած են 71 (կին), 83 (տղամարդ), 66 (տղամարդ) եւ 79 (տղամարդ) տարեկան եւ
4 Մայիսի 2020
2 ր. ընթերցում
«Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2507-ի

Հայաստանի մէջ, 4 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 2507 դէպք, որոնցմէ 1071-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1393 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 24 942 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 121 նոր դէպք եւ 36 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 39 (աւելցած է եւս 4-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն մահացած հիւանդները եղած են 71 (կին), 83 (տղամարդ), 66 (տղամարդ) եւ 79 (տղամարդ) տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Ազատ տեղաշարժի սահամանփակումը պիտի հանուի մայիս 4-էն. Հանրային փոխադրակառքերը պիտի չաշխատին
Նախորդ նիւթը

Ազատ տեղաշարժի սահամանփակումը պիտի հանուի մայիս 4-էն. Հանրային փոխադրակառքերը պիտի չաշխատին

Հայաստանի ամենատարեց բնակիչը  դարձաւ 115 տարեկան
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի ամենատարեց բնակիչը դարձաւ 115 տարեկան

ԱնցնիլՎեր