Ազատ տեղաշարժի սահամանփակումը պիտի հանուի մայիս 4-էն. Հանրային փոխադրակառքերը պիտի չաշխատին

Հայաստանի մէջ մարդոց ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները պիտի հանուին 4 մայիսէն, հանրային փոխադրութեան արգելքը պիտի պահպանուի: Ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան փոխնախարար Վարոս Սիմոնեանը՝ ներկայացնելով այն նոր փոփոխութիւններու փաթեթը, որն ուժի մէջ պիտի մտնէ 4 մայիսէն: «Մասնաւորապէս պիտի հանուին ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները, այսինքն՝ բոլոր քաղաքացիները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին իրաւունք պիտի ունենան ազատ տեղաշարժելու: Միեւնոյն ժամանակ պիտի պահպանուի հանրային փոխադրութեան արգելքը: Այն պիտի մնայ այն պատճառով, որ կան որոշակի ռիսքային մօտեցումներ՝ համավարակի տարածման վերաբերեալ»,-ըսած է Սիմոնեանը: Այդ փաթեթով գրեթէ բոլոր սահմանափակումները պիտի հանուին, պիտի մնան որոշ սահմանափակումներ՝ տնտեսական գործունէութեան տեսակներու վերաբերեալ: Մասնաւորապէս այդ սահմանափակումները պիտի վերաբերին մանրածախ եւ մեծածախ առեւտուրին: Գրեթէ պիտի չըլլան սահմանափակումներ մանրածախ եւ
1 Մայիսի 2020
6 ր. ընթերցում
Ազատ տեղաշարժի սահամանփակումը պիտի հանուի մայիս 4-էն. Հանրային փոխադրակառքերը պիտի չաշխատին

Հայաստանի մէջ մարդոց ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները պիտի հանուին 4 մայիսէն, հանրային փոխադրութեան արգելքը պիտի պահպանուի: Ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ տնտեսութեան փոխնախարար Վարոս Սիմոնեանը՝ ներկայացնելով այն նոր փոփոխութիւններու փաթեթը, որն ուժի մէջ պիտի մտնէ 4 մայիսէն:

«Մասնաւորապէս պիտի հանուին ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները, այսինքն՝ բոլոր քաղաքացիները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին իրաւունք պիտի ունենան ազատ տեղաշարժելու: Միեւնոյն ժամանակ պիտի պահպանուի հանրային փոխադրութեան արգելքը: Այն պիտի մնայ այն պատճառով, որ կան որոշակի ռիսքային մօտեցումներ՝ համավարակի տարածման վերաբերեալ»,-ըսած է Սիմոնեանը:

Այդ փաթեթով գրեթէ բոլոր սահմանափակումները պիտի հանուին, պիտի մնան որոշ սահմանափակումներ՝ տնտեսական գործունէութեան տեսակներու վերաբերեալ: Մասնաւորապէս այդ սահմանափակումները պիտի վերաբերին մանրածախ եւ մեծածախ առեւտուրին: Գրեթէ պիտի չըլլան սահմանափակումներ մանրածախ եւ մեծածախ առեւտուրի մէջ, միայն պիտի պահպանուի սահմանափակումը առեւտուրի իրականացման վայրերուն մէջ: Այսինքն՝ մոլերը, հանրախանութները փակ պիտի ըլլան: Միայն անոնց տարածքին գործող սնունդի, պարենային խանութները, դեղատուները, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսական արտադրատեսակներու շուկաները պիտի գործեն:

Պիտի բացուի մշակող արդիւնաբերութիւնը՝ բոլոր գործունէութեան տեսակներով: Պիտի գործեն այն ճաշարանները, սրճարանները, պարերը, որոնք ունին բացօթեայ տարածք: Բուսաբանական եւ կենդանաբանական այգիները եւ բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքները նոյնպէս պիտի բացուին, արգելոցներու գործունէութիւնը նոյնպէս պիտի թոյլատրուի:

Մարզական կառոյցներու գործունէութիւնը պիտի թոյլատրուի՝ բացառապէս մասնագէտ մարզիկներու մասնակցութեամբ՝ մարզական միջոցառումներու իրականացման համար, ինչպէս նաեւ մարզական ակումբներու գործունէութիւնը: Անհատական ծառայութիւնները, որոնց շարքին են լուացման, մաքրման եւ չոր մաքրման ծառայութիւնները, վարսաւիրանոցները եւ գեղեցկութեան սրահներու գործունէութիւնը նոյնպէս պիտի թոյլատրուի 4 մայիսէն:

Առանց իրարու օգնելու չենք կրնար առաջ երթալ․ ՀՀ Նախագահի ուղերձը՝ Աշխատանքի օրուան առթիւ
Նախորդ նիւթը

Առանց իրարու օգնելու չենք կրնար առաջ երթալ․ ՀՀ Նախագահի ուղերձը՝ Աշխատանքի օրուան առթիւ

«Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2507-ի
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 2507-ի

ԱնցնիլՎեր