Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահը ժամանեց Հայաստան

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հրաւէրով Երեւան ժամանած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիւէն: Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԺ-էն: Ֆրանսայի ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վալերի Ռապոն, Արտաքին գործերու յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Լուի Պուրլանժը, Ֆրանսայէն դուրս բնակող ֆրանսացիներու հարցերով պատգամաւոր Անն Ժընըթէն, Պուշ-տիւ-Ռոն բաժնի պատգամաւոր Անն-Լորանս Փեփելը: ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած է Եաէլ Պրաուն-Փիւէն: Ֆրանսացի բարձրաստիճան հիւրերու երկօրեայ այցի օրակարգը յագեցած է: Կը նախատեսուին հանդիպումներ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ, Ազգային ժողովի մէջ ընդլայնուած կազմով հանդիպում պատգամաւորներու հետ: Հիւրերու օրակարգին մէջ է նաեւ Հայոց
13 Հունվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահը ժամանեց Հայաստան

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հրաւէրով Երեւան ժամանած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիւէն: Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԺ-էն:

Ֆրանսայի ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վալերի Ռապոն, Արտաքին գործերու յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Լուի Պուրլանժը, Ֆրանսայէն դուրս բնակող ֆրանսացիներու հարցերով պատգամաւոր Անն Ժընըթէն, Պուշ-տիւ-Ռոն բաժնի պատգամաւոր Անն-Լորանս Փեփելը:

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած է Եաէլ Պրաուն-Փիւէն:

Ֆրանսացի բարձրաստիճան հիւրերու երկօրեայ այցի օրակարգը յագեցած է: Կը նախատեսուին հանդիպումներ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ, Ազգային ժողովի մէջ ընդլայնուած կազմով հանդիպում պատգամաւորներու հետ: Հիւրերու օրակարգին մէջ է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցը: Կը նախատեսուի նաեւ ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիւէի համատեղ մամուլի ասուլիսը:

506 արցախցի չեն կրնար տուն վերադառնալ. ՀՀ կառավարութիւնը գումար տրամադրեց
Նախորդ նիւթը

506 արցախցի չեն կրնար տուն վերադառնալ. ՀՀ կառավարութիւնը գումար տրամադրեց

Արցախի Աազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ պետական դաւաճանութեան նոր դէպք բացայայտուած է
Յաջորդ նիւթը

Արցախի Աազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ պետական դաւաճանութեան նոր դէպք բացայայտուած է

ԱնցնիլՎեր