Ֆրանսայի մէջ դատապարտելի արարք. Յարձակած են Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին դէմ

Փարիզի հիւսիսը յարձակում կատարուած է Սամուէլ-Մուրատեան հայկական վարժարանի դէմ։ Այս մասին  Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը գրած է իր Թուիթըրի էջին։ Դեսպանը դատապարտած է վանտալիզմի գործողութիւնը։ «Մենք լրջօրէն անհանգստացած ենք կրկնուող վանտալիզմէն Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան հայկական վարժարանի դէմ։ Այդ գործողութիւնները պէտք չէ անպատիժ մնան»,- գրած է ան: Նշենք, որ առաջին յարձակումը վարժարանի վրայ տեղի ունեցած էր 2019-ի Յունուարին։ Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 20-ին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացուցած էր այդ երկրին մէջ հրատարակուող ֆրանսալեզու Nouvelles d’Arménie (Հայաստանի նորութիւններ) ամսագրի գրասենեակի վրայ յարձակման մասին։ Պարբերականի տուեալներով՝ յարձակումը կատարուած է Կիրակի գիշեր։ Նշուած է, որ կոտրուած է խմբագրութեան դուռը, գողացած են տեսախցիկն ու
24 Հոկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Ֆրանսայի մէջ դատապարտելի արարք. Յարձակած են Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին դէմ

Փարիզի հիւսիսը յարձակում կատարուած է Սամուէլ-Մուրատեան հայկական վարժարանի դէմ։ Այս մասին  Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը գրած է իր Թուիթըրի էջին։

Դեսպանը դատապարտած է վանտալիզմի գործողութիւնը։

«Մենք լրջօրէն անհանգստացած ենք կրկնուող վանտալիզմէն Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան հայկական վարժարանի դէմ։ Այդ գործողութիւնները պէտք չէ անպատիժ մնան»,- գրած է ան:

Նշենք, որ առաջին յարձակումը վարժարանի վրայ տեղի ունեցած էր 2019-ի Յունուարին։

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 20-ին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացուցած էր այդ երկրին մէջ հրատարակուող ֆրանսալեզու Nouvelles d’Arménie (Հայաստանի նորութիւններ) ամսագրի գրասենեակի վրայ յարձակման մասին։

Պարբերականի տուեալներով՝ յարձակումը կատարուած է Կիրակի գիշեր։ Նշուած է, որ կոտրուած է խմբագրութեան դուռը, գողացած են տեսախցիկն ու երեք համակարգիչ, ուր կը պահուէին գաղտնի տեղեկութիւններ։ 

Հայաստանի մասին լսումներ ԱՄՆ Քոնկրէսէն ներս
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մասին լսումներ ԱՄՆ Քոնկրէսէն ներս

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հայկական կողմը ճիշդ չէ գնահատած ստեղծուած իրավիճակը. Վաղարշակ Յարութիւնեան
Յաջորդ նիւթը

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հայկական կողմը ճիշդ չէ գնահատած ստեղծուած իրավիճակը. Վաղարշակ Յարութիւնեան

ԱնցնիլՎեր