Ֆրանսայի Սենատը յօգուտ Արցախին պատմական որոշում կայացուց

Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանաչելու վերաբերեալ բանաձեւը՝ 305 կողմ եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Քուէարկութեան մասնակցած է 306 հոգի: Ներկայացուած բանաձեւով, կոչ եղած է Ֆրանսայի կառավարութեան ճանաչել Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, տարածաշրջանին մէջ տեւական ժամանակ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը, որ կատարուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու եւ օտարերկրեայ վարձկաններու աջակցութեամբ, եւ կոչ կ’ընէ, որպէսզի անյապաղ դուրս հանուին ատրպէյճանական զինուած ուժերը եւ անոնց աջակիցները այն տարածքներէն, որոնք վերցուած են 27 սեպտեմբերին սկսած պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով: Բանաձեւը կը ներկայացնեն հինգ ծերակուտականներ՝ Պրունո Ռետալոն, Փաթրիք Քանները, Էրվէ Մարսելը, Էլիան Ասասին եւ Կիյոմ Կոնթարը: 
25 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ֆրանսայի Սենատը յօգուտ Արցախին պատմական որոշում կայացուց

Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանաչելու վերաբերեալ բանաձեւը՝ 305 կողմ եւ 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Քուէարկութեան մասնակցած է 306 հոգի:

Ներկայացուած բանաձեւով, կոչ եղած է Ֆրանսայի կառավարութեան ճանաչել Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, տարածաշրջանին մէջ տեւական ժամանակ խաղաղութիւն հաստատելու համար:

Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը, որ կատարուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու եւ օտարերկրեայ վարձկաններու աջակցութեամբ, եւ կոչ կ’ընէ, որպէսզի անյապաղ դուրս հանուին ատրպէյճանական զինուած ուժերը եւ անոնց աջակիցները այն տարածքներէն, որոնք վերցուած են 27 սեպտեմբերին սկսած պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով:

Բանաձեւը կը ներկայացնեն հինգ ծերակուտականներ՝ Պրունո Ռետալոն, Փաթրիք Քանները, Էրվէ Մարսելը, Էլիան Ասասին եւ Կիյոմ Կոնթարը: 

Թուրքիան սկսած է գրանցել Արցախ տեղափոխուիլ ցանկացող սուրիացի թուրքմէնները
Նախորդ նիւթը

Թուրքիան սկսած է գրանցել Արցախ տեղափոխուիլ ցանկացող սուրիացի թուրքմէնները

ԼՂՀ ճանաչումը Փարիզի կողմէ ոչ մէկուն օգուտ կը բերէ. Ֆրանսայի ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

ԼՂՀ ճանաչումը Փարիզի կողմէ ոչ մէկուն օգուտ կը բերէ. Ֆրանսայի ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր