Ֆրանսան միջանցքը անյապաղ բանալու կոչով հանդէս եկաւ

Ֆրանսան կոչ ըրած է վերականգնելու Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը՝ առանց նախապայմաններու: Այս մասին ըսուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ: «Ֆրանսան կոչ կ’ընէ առանց որեւէ նախապայմանի վերականգնելու Լաչինի միջանցքով Լեռնային Ղարաբաղ մատակարարումը` այնտեղի բնակիչներու իրաւունքները պահպանելով»,- յայտնած են Ֆրանսայի ԱԳՆ-էն: Փարիզի մէջ նաեւ յիշեցուցած են կրակի դադարեցման մասին` 9 նոյեմբեր 2020-ին ընդունուած եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու պահպանման անհրաժեշտութեան մասին: «Ատրպէյճանը պարտաւորուած է երաշխաւորել Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութեամբ մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու տեղաշարժի անվտանգութիւնը»,- ընդգծուած է Ֆրանսայի արտաքին գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:
14 Դեկտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Ֆրանսան միջանցքը անյապաղ բանալու կոչով հանդէս եկաւ

Ֆրանսան կոչ ըրած է վերականգնելու Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը՝ առանց նախապայմաններու: Այս մասին ըսուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

«Ֆրանսան կոչ կ’ընէ առանց որեւէ նախապայմանի վերականգնելու Լաչինի միջանցքով Լեռնային Ղարաբաղ մատակարարումը` այնտեղի բնակիչներու իրաւունքները պահպանելով»,- յայտնած են Ֆրանսայի ԱԳՆ-էն:

Փարիզի մէջ նաեւ յիշեցուցած են կրակի դադարեցման մասին` 9 նոյեմբեր 2020-ին ընդունուած եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու պահպանման անհրաժեշտութեան մասին:

«Ատրպէյճանը պարտաւորուած է երաշխաւորել Լաչինի միջանցքով երկու ուղղութեամբ մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու տեղաշարժի անվտանգութիւնը»,- ընդգծուած է Ֆրանսայի արտաքին գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:

Ազգային Ժողովը կոչով դիմեց Ռուսիոյ եւ միջազգային հանրութեան. Լաչինի միջանցքի մասին նախագիծ ընդունուեցաւ
Նախորդ նիւթը

Ազգային Ժողովը կոչով դիմեց Ռուսիոյ եւ միջազգային հանրութեան. Լաչինի միջանցքի մասին նախագիծ ընդունուեցաւ

«Լաչինի մասով ՔՊ–ի յայտարարութիւնն աւելի լաւ է` չարուի». ընդդիմութիւնը լքեց նիստերու դահլիճը
Յաջորդ նիւթը

«Լաչինի մասով ՔՊ–ի յայտարարութիւնն աւելի լաւ է` չարուի». ընդդիմութիւնը լքեց նիստերու դահլիճը

ԱնցնիլՎեր