Ֆրանք Փալոն Նախագահ Արմէն Սարգսեանին հիւր

Նախագահ Արմէն Սարգսեանն ընդունած է ԱՄՆ քոնկրէսական, Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը: Նախագահի գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն՝ Արմէն Սարգսեանը կարեւորած է քոնկրէսականի հերթական այցելութիւնը Հայաստան եւ անոր երկարամեայ հայանպաստ գործունէութիւնը: «Դուք Հայաստանի լաւ բարեկամն էք», — նշած է ան: Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգին: Նախագահ Սարգսեանը մասնաւորապէս կարեւորած է ԱՄՆ աջակցութիւնը գիտութեան ու արհեստագիտութեան ոլորտուն: Այս ծիրէն ներս ան ներկայացուցած է նախագահական նախաձեռնութիւններէն մէկը՝ ATOM-ը (Advanced Tomorrow), որ նպատակ ունի տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ միջազգային խոշոր ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն բերել Հայաստան՝ երկիրը դարձնելով արհեստական բանականութեան եւ ուսողական մոտելաւորման ոլորտի մէջ աշխարհի առաջատար կեդրոններէն մէկը: Նախագահը նշած է,
4 Հոկտեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
Ֆրանք Փալոն Նախագահ Արմէն Սարգսեանին հիւր

Նախագահ Արմէն Սարգսեանն ընդունած է ԱՄՆ քոնկրէսական, Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը:

Նախագահի գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն՝ Արմէն Սարգսեանը կարեւորած է քոնկրէսականի հերթական այցելութիւնը Հայաստան եւ անոր երկարամեայ հայանպաստ գործունէութիւնը: «Դուք Հայաստանի լաւ բարեկամն էք», — նշած է ան:

Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգին: Նախագահ Սարգսեանը մասնաւորապէս կարեւորած է ԱՄՆ աջակցութիւնը գիտութեան ու արհեստագիտութեան ոլորտուն: Այս ծիրէն ներս ան ներկայացուցած է նախագահական նախաձեռնութիւններէն մէկը՝ ATOM-ը (Advanced Tomorrow), որ նպատակ ունի տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ միջազգային խոշոր ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն բերել Հայաստան՝ երկիրը դարձնելով արհեստական բանականութեան եւ ուսողական մոտելաւորման ոլորտի մէջ աշխարհի առաջատար կեդրոններէն մէկը: Նախագահը նշած է, որ այս ծրագրի շրջանակէն ներս ուրախ կ’ըլլայ ամերիկեան խոշոր ընկերութիւններ եւս տեսնել Հայաստանի մէջ:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ խորհրդարանական կառավարման համակարգի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու պայմաններուն մէջ զարգացման հեռանկարներուն ու առկայ մարտահրաւէրներուն:

Ամերիկացի քոնկրէսականը, յիշեցնենք, այս շաբաթ այցելած է նաեւ Արցախ, հանդիպած է Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ:

Լաւրով․ «Ղարաբաղը Հայաստան է» յայտարարութիւնը բանակցային գործընթացին չի նպաստեր
Նախորդ նիւթը

Լաւրով․ «Ղարաբաղը Հայաստան է» յայտարարութիւնը բանակցային գործընթացին չի նպաստեր

Մարդահամար Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ
Յաջորդ նիւթը

Մարդահամար Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ

ԱնցնիլՎեր