Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 32 490-ի

Հայաստանի մէջ, 14 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 32 490 դէպք, որոնցմէ 20 729-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 996 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 136 802 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 339 նոր դէպք եւ  864 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 8 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 581): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  50 (տղամարդ), 79 (տղամարդ), 72 (կին), 79 (կին), 88 (տղամարդ), 77 (կին),
14 Հուլիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 32 490-ի

Հայաստանի մէջ, 14 յուլիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 32 490 դէպք, որոնցմէ 20 729-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 996 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 136 802 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 339 նոր դէպք եւ  864 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 8 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 581):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  50 (տղամարդ), 79 (տղամարդ), 72 (կին), 79 (կին), 88 (տղամարդ), 77 (կին), 62 (կին) եւ 53 (կին) տարեկան: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 184 է:

ԶՈՒ ստորաբաժանումները կ՛ոչնչացնեն Տաւուշի սահմանամերձ բնակավայրերը հրետակոծած ատրպէյճանական յենակէտերը
Նախորդ նիւթը

ԶՈՒ ստորաբաժանումները կ՛ոչնչացնեն Տաւուշի սահմանամերձ բնակավայրերը հրետակոծած ատրպէյճանական յենակէտերը

Ատրպէյճանը յայտարարած է իր  զօրաբաժնի զօրավարի եւ գնդապետի սպանութեան մասին
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը յայտարարած է իր  զօրաբաժնի զօրավարի եւ գնդապետի սպանութեան մասին

ԱնցնիլՎեր