Ատրպէյճանը յայտարարած է իր  զօրաբաժնի զօրավարի եւ գնդապետի սպանութեան մասին

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով սպանուած են ատրպէյճանցի 2 բարձրաստիճան սպաներ․ այս մասին, ինչպէս կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յայտարարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարար Քերիմ Վելիեւը։ Ըստ Վելիեւի՝ մէկը զօրաբաժնի զօրավար (գեներալ-մայոր) Փոլատ Հաշիմովն է, միւսը՝ գնդապետ Իլկար Միրզոեւը։  Ինչպէս նշած է Interfax-ի ատրպէյճանական ծառայութիւնը, միայն 14 յուլիսին Ատրպէյճանը կորսնցուցած է 7 զինուորական․ բացի Միրզոեւէն եւ Հաշիմովէն՝ սպաննուած է եւս հինգ հոգի, ներառեալ երկու սպայ։ «Զոհուած են  մայորներ Նամիկ Հաճան օղլու Ահմետովը, Անար Կիւլտաւերտի օղլու Նովրուզովը, ենթասպայ Եաշար Ուասիֆ օղլու Պապաեւը, ենթասպայ Իլկար Այազ օղլու Զէյնալին եւ պայմանագրային զինծառայող Էլչին Արիֆ օղլու Մուսթաֆազատէն»,- ըսած է Վալիեւը։ Ատրպէյճանցի զօրավարի սպանութեան մասին տեղեկութիւն հրապարակած է
14 Հուլիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանը յայտարարած է իր  զօրաբաժնի զօրավարի եւ գնդապետի սպանութեան մասին

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով սպանուած են ատրպէյճանցի 2 բարձրաստիճան սպաներ․ այս մասին, ինչպէս կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յայտարարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարար Քերիմ Վելիեւը։

Ըստ Վելիեւի՝ մէկը զօրաբաժնի զօրավար (գեներալ-մայոր) Փոլատ Հաշիմովն է, միւսը՝ գնդապետ Իլկար Միրզոեւը։ 

Ինչպէս նշած է Interfax-ի ատրպէյճանական ծառայութիւնը, միայն 14 յուլիսին Ատրպէյճանը կորսնցուցած է 7 զինուորական․ բացի Միրզոեւէն եւ Հաշիմովէն՝ սպաննուած է եւս հինգ հոգի, ներառեալ երկու սպայ։

«Զոհուած են  մայորներ Նամիկ Հաճան օղլու Ահմետովը, Անար Կիւլտաւերտի օղլու Նովրուզովը, ենթասպայ Եաշար Ուասիֆ օղլու Պապաեւը, ենթասպայ Իլկար Այազ օղլու Զէյնալին եւ պայմանագրային զինծառայող Էլչին Արիֆ օղլու Մուսթաֆազատէն»,- ըսած է Վալիեւը։

Ատրպէյճանցի զօրավարի սպանութեան մասին տեղեկութիւն հրապարակած է նաեւ ՊՆ Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի մարշալ Հ. Բաղրամեանի անուան հրամանատարաշտապային հիմնարկի պետ, ՊՆ նախկին խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը։

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 32 490-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 32 490-ի

Մահացու վիրաւորում ստացած են աւագ գնդապետ Գարուշ Վեմիրի Համբարձումեանը եւ հրամանատար Սոս Փայլակի Էլբակեանը․ ՀՀ ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

Մահացու վիրաւորում ստացած են աւագ գնդապետ Գարուշ Վեմիրի Համբարձումեանը եւ հրամանատար Սոս Փայլակի Էլբակեանը․ ՀՀ ՊՆ

ԱնցնիլՎեր