145 նոր դէպք․ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 3029-ի

Հայաստանի մէջ, 8 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 3029 դէպք, որոնցմէ 1218-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1758 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 29 205 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 145 նոր դէպք եւ 33 առողջացած։ Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 43 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 48 տարեկան կին եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Արձանագրուած է մահուան եւս
8 Մայիսի 2020
2 ր. ընթերցում
145 նոր դէպք․ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 3029-ի

Հայաստանի մէջ, 8 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 3029 դէպք, որոնցմէ 1218-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1758 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 29 205 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 145 նոր դէպք եւ 33 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 43 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 48 տարեկան կին եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդ դէպքերու ընդհանուր թիւը 10 է։

Գրեթէ հերոսական ջանքեր պահանջուած են, որ մինչ օրս ոեւէ դատապարտուածի եւ կալանաւորուածի մօտ «Քորոնա» ժահր չէ յայտնաբերուած. Ռուստամ Բադասեան
Նախորդ նիւթը

Գրեթէ հերոսական ջանքեր պահանջուած են, որ մինչ օրս ոեւէ դատապարտուածի եւ կալանաւորուածի մօտ «Քորոնա» ժահր չէ յայտնաբերուած. Ռուստամ Բադասեան

28 Տարի առաջ ազատագրուեցաւ Շուշին
Յաջորդ նիւթը

28 Տարի առաջ ազատագրուեցաւ Շուշին

ԱնցնիլՎեր