17 Հոկտեմբերին Հայաստանի 9 համայնքներու մէջ տեղի պիտի ունենան աւագանիի ընտրութիւններ

17 Հոկտեմբեր 2021-ին Հայաստանի 9 համայնքներու մէջ տեղի պիտի ունենան աւագանիի ընտրութիւններ։ Աւելի քան 187 հազար ընտրող պիտի կազմաւորեն իրենց տեղական ինքնակառավարման մարմինները: Համայնքներէն 3-ին մէջ մեծամասնական ընտրակարգով բնակիչները պիտի ընտրեն հնգական աւագանիի անդամ: Անոնցմէ երկուքին մէջ նաեւ համայնքի ղեկավար պիտի ընտրեն։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Հելսինկեան Քաղաքացիական Ասամպլեայի Վանաձորի գրասենեակէն: Համամասնական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար կուսակցութիւնը պէտք է ներկայացնէ տուեալ համայնքի աւագանիի անդամներու թիւի առնուազն 1/3-ի թիւով թեկնածու։ Իւրաքանչիւր սեռի ներկայացուցիչներու թիւը չի կրնար գերազանցել 70%-ը։ Բազմաբնակավայր համայնքներուն մէջ կուսակցութիւնը պէտք է ներկայացնէ թեկնածուներ համայնքներու առնուազն կէսէն։ Գիւմրի քաղաքը 2-րդ անգամ պիտի ընտրէ համամասնական աւագանի՝ կուսակցութիւններէ եւ դաշինքներէ կազմուած: Գորիս, Մեղրի, Տեղ, Տաթեւ եւ Դիլիջան բազմաբնակավայր համայնքները առաջին անգամ պիտի ընտրեն ոչ թէ անհատներ, այլ կուսակցութիւններ եւ դաշինքներ՝ այս կամ այն քաղաքական ուժին վստահելով
10 Սեպտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
17 Հոկտեմբերին Հայաստանի 9 համայնքներու մէջ տեղի պիտի ունենան աւագանիի ընտրութիւններ

17 Հոկտեմբեր 2021-ին Հայաստանի 9 համայնքներու մէջ տեղի պիտի ունենան աւագանիի ընտրութիւններ։ Աւելի քան 187 հազար ընտրող պիտի կազմաւորեն իրենց տեղական ինքնակառավարման մարմինները: Համայնքներէն 3-ին մէջ մեծամասնական ընտրակարգով բնակիչները պիտի ընտրեն հնգական աւագանիի անդամ: Անոնցմէ երկուքին մէջ նաեւ համայնքի ղեկավար պիտի ընտրեն։

Այս մասին կը տեղեկացնեն Հելսինկեան Քաղաքացիական Ասամպլեայի Վանաձորի գրասենեակէն:

Համամասնական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար կուսակցութիւնը պէտք է ներկայացնէ տուեալ համայնքի աւագանիի անդամներու թիւի առնուազն 1/3-ի թիւով թեկնածու։ Իւրաքանչիւր սեռի ներկայացուցիչներու թիւը չի կրնար գերազանցել 70%-ը։ Բազմաբնակավայր համայնքներուն մէջ կուսակցութիւնը պէտք է ներկայացնէ թեկնածուներ համայնքներու առնուազն կէսէն։

Գիւմրի քաղաքը 2-րդ անգամ պիտի ընտրէ համամասնական աւագանի՝ կուսակցութիւններէ եւ դաշինքներէ կազմուած:

Գորիս, Մեղրի, Տեղ, Տաթեւ եւ Դիլիջան բազմաբնակավայր համայնքները առաջին անգամ պիտի ընտրեն ոչ թէ անհատներ, այլ կուսակցութիւններ եւ դաշինքներ՝ այս կամ այն քաղաքական ուժին վստահելով համայնքային կառավարումը:

Թեկնածու կուսակցութիւններու առաջադրման վերջնաժամկէտը 12 Սեպտեմբերն է: 

Յակոբ Օշականը հասանելի՝ ժամանակակից եւ մատչելի ձեւաչափով
Նախորդ նիւթը

Յակոբ Օշականը հասանելի՝ ժամանակակից եւ մատչելի ձեւաչափով

Հայաստանի սահմանադուռը ե՞րբ պիտի բանաք. Կարօ Փայլանը հարցումներ յղած է Թուրքիոյ փոխնախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի սահմանադուռը ե՞րբ պիտի բանաք. Կարօ Փայլանը հարցումներ յղած է Թուրքիոյ փոխնախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին

ԱնցնիլՎեր