2019 -ին Արցախի մէջ ծնունդներուն թիւը հատած է 1900 -ը

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ 2019-ի ընթացքին ծնած է 1994 երեխայ, որոնցմէ 1015-ը տղայ, 979-ը՝ աղջիկ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն: Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնին մէջ ծնած է 1698 երեխայ: Շրջաններէն՝ առաւելագոյն ծնունդները արձանագրուած է Մարտակերտի մէջ՝ 159 երեխայ, այնուհետեւ՝ Մարտունիի՝ 88, Հադրութի՝ 36, Շահումեանի՝ 9 եւ Քաշաթաղի՝ 4: Պէտք է նշել, որ Արցախէն ՀՀ բուժհաստատութիւններու մէջ ծնած է 81 երեխայ: ԱՀ-ի մէջ ընդհանուր ծնելիութիւնը տարուան ընթացքին կազմած է 2073 երեխայ, որոնց 1058-ը՝ տղայ, 1015-ը՝ աղջիկ: Ընդհանուր ծնունդներէն 31-ը զոյգ են: ԱՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը հետեւողական աշխատանքներ կ՝իրականացնէ պետական ու բարեգործական միջոցներով բուժհաստատութիւններու շէնքային պայմաններու բարելաւման եւ սարքերու արդիականացման ուղղութեամբ:
11 Փետրվարի 2020
4 ր. ընթերցում
2019 -ին   Արցախի մէջ ծնունդներուն թիւը հատած է 1900 -ը

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բուժհաստատութիւններուն մէջ 2019-ի ընթացքին ծնած է 1994 երեխայ, որոնցմէ 1015-ը տղայ, 979-ը՝ աղջիկ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն:

Ստեփանակերտի Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնին մէջ ծնած է 1698 երեխայ: Շրջաններէն՝ առաւելագոյն ծնունդները արձանագրուած է Մարտակերտի մէջ՝ 159 երեխայ, այնուհետեւ՝ Մարտունիի՝ 88, Հադրութի՝ 36, Շահումեանի՝ 9 եւ Քաշաթաղի՝ 4:

Պէտք է նշել, որ Արցախէն ՀՀ բուժհաստատութիւններու մէջ ծնած է 81 երեխայ:

ԱՀ-ի մէջ ընդհանուր ծնելիութիւնը տարուան ընթացքին կազմած է 2073 երեխայ, որոնց 1058-ը՝ տղայ, 1015-ը՝ աղջիկ: Ընդհանուր ծնունդներէն 31-ը զոյգ են:

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը հետեւողական աշխատանքներ կ՝իրականացնէ պետական ու բարեգործական միջոցներով բուժհաստատութիւններու շէնքային պայմաններու բարելաւման եւ սարքերու արդիականացման ուղղութեամբ: 2019-ին բարեգործական հիմունքներով վերանորոգուած ու բժշկական ժամանակակից սարքերով համալրուած է Հադրութի շրջանային բուժմիաւորման ծննդաբերական բաժանմունքը։ Պետական միջոցներով վերանորոգուած է Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնի մանկաբարձական բաժանմունքի ծննդաբերական բաժինը, յետծննդաբերական հիւանդասենեակները, նորածնային բաժանմունքը եւ համալրուած համապատասխան գոյքով։ 2019 Դեկտեմբերին շահագործման յանձնուած է Քաշաթաղի շրջանային բուժմիաւորման նորակառոյց շէնքը, ուր կը գործէ բժշկական ժամանակակից սարքերով յագեցած ծննդաբերական բաժանմունք:

 

Հայաստանի մէջ պիտի ցուցադրուի Տալիի եւ Փիքասոյի աւելի քան 200 աշխատանք
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ պիտի ցուցադրուի Տալիի եւ Փիքասոյի աւելի քան 200 աշխատանք

Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի քարոզարշաւի մեկնարկը՝ 17 Փետրուարին
Յաջորդ նիւթը

Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի քարոզարշաւի մեկնարկը՝ 17 Փետրուարին

ԱնցնիլՎեր