25 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ ամենամեայ 24-րդ Հեռուստամարաթօնը

25 Նոյեմբերին, տեղական ժամանակով 18:50-ին Հանրային հեռուստատեսութեան եթերով պիտի մեկնարկի 24-րդ Հեռուստամարաթօնը՝ «Կենսունակ սահմանային համայնքներ» խորագրի ներքոյ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու, այս տարի Հեռուստամարաթօնը պիտի կայանայ նոր ձեւաչափով՝ հաշուետու ֆիլմի տեսքով, որու ընթացքին Հիմնադրամի խումբը պիտի ներկայացնէ 2020-21 թուականներուն իրականացուած լայնածաւալ ծրագրերը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:  2020 թուականը համայն հայութեան համար լի էր բազում մարտահրաւէրներով ու վայրիվերումներով՝ Քորոնա ժահրային համավարակ, տաւուշեան մարտեր, Պէյրութի պայթում եւ վերջապէս 44-օրեայ ծանր պատերազմ։ Այդ առումով տարին նաեւ բացառիկ ու աննախադէպ էր հայ ժողովուրդի միասնականութեան առումով: Իր աշխարհասփիւռ գործընկերներու եւ նուիրատուներու ջանքերու շնորհիւ է, որ Հիմնադրամը տարիներ շարունակ կը կարողանայ իրականացնել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող լայնածաւալ ծրագրեր ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի
24 Նոյեմբերի 2021
4 ր. ընթերցում
25 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ ամենամեայ 24-րդ Հեռուստամարաթօնը

25 Նոյեմբերին, տեղական ժամանակով 18:50-ին Հանրային հեռուստատեսութեան եթերով պիտի մեկնարկի 24-րդ Հեռուստամարաթօնը՝ «Կենսունակ սահմանային համայնքներ» խորագրի ներքոյ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու, այս տարի Հեռուստամարաթօնը պիտի կայանայ նոր ձեւաչափով՝ հաշուետու ֆիլմի տեսքով, որու ընթացքին Հիմնադրամի խումբը պիտի ներկայացնէ 2020-21 թուականներուն իրականացուած լայնածաւալ ծրագրերը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: 

2020 թուականը համայն հայութեան համար լի էր բազում մարտահրաւէրներով ու վայրիվերումներով՝ Քորոնա ժահրային համավարակ, տաւուշեան մարտեր, Պէյրութի պայթում եւ վերջապէս 44-օրեայ ծանր պատերազմ։ Այդ առումով տարին նաեւ բացառիկ ու աննախադէպ էր հայ ժողովուրդի միասնականութեան առումով:

Իր աշխարհասփիւռ գործընկերներու եւ նուիրատուներու ջանքերու շնորհիւ է, որ Հիմնադրամը տարիներ շարունակ կը կարողանայ իրականացնել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող լայնածաւալ ծրագրեր ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի մէջ:

Հեռուստամարաթօնն ուղիղ հեռարձակմամբ պիտի ցուցադրուի նաեւ Հանրային հեռուստաընկերութեան կայքէջէն՝ www.H1TV.am, իսկ աւելի ուշ պիտի հեռարձակուի նաեւ արբանեակային կապով: Նոյեմբեր 25-էն ետք այն հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ Հիմնադրամի կայքէջին վրայ՝ www.himnadram.org:

Հաւատարիմ մնալով աւանդոյթներուն՝ 24-րդ Հեռուստամարաթօնը պիտի կայանայ նաեւ Լոս Անճելոսի մէջ, տեղական ժամանակով 16:00-ին:

«Եթէ Հայաստանում «միջանցք տուող» կառավարութիւն լինէր, այդ կրակոցները չէին հնչի». Վարչապետ Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

«Եթէ Հայաստանում «միջանցք տուող» կառավարութիւն լինէր, այդ կրակոցները չէին հնչի». Վարչապետ Փաշինեան

ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան հանդիպումը ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի հետ
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան հանդիպումը ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի հետ

ԱնցնիլՎեր