27 սեպտեմբերէն ի վեր Արցախի մէջ զոհուած են 31 անզէն քաղաքացիներ

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը թարմացուցած է Արցախի բնակչութեան դէմ ատրպէյճանական յանցագործութիւններու վերաբերեալ իր երկրորդ միջանկեալ զեկոյցը, ուր ներառած է 9 հոկտեմբերէն մինչեւ 12-ը արձանագրուած նոր դէպքերն ու փաստերը: Մասնաւորապէս, զեկոյցին  աւելցած են մարդկային ու նիւթական կորուստներու վիճակագրութիւնը, 10 հոկտեմբերին Հատրութի մէջ արձանագրուած վայրագութիւններու մասին որոշ տուեալներ, զինծառայողներու հանդէպ կատարուած յանցագործութիւններու որոշ ապացոյցներ ու միջազգային իրաւական վերլուծութիւն: Մինչեւ 12 հոկտեմբերը ներառեալ սպանուած է ընդհանուր 31 խաղաղ բնակիչ, որոնց մէջ կան 1 մանկահասակ աղջիկ, 7 կին եւ 23 տղամարդ: Մահուան դէպքերը արձանագրուած են Ստեփանակերտ (10), Մարտունի (6), Հատրութ (6) եւ Մարտակերտ (3), Մարտակերտի շրջանի Ալաշան բնակավայր (1 ), Զագլիկ (1 ) եւ Մեծ
14 Հոկտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
27 սեպտեմբերէն ի վեր Արցախի մէջ զոհուած են 31 անզէն քաղաքացիներ

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը թարմացուցած է Արցախի բնակչութեան դէմ ատրպէյճանական յանցագործութիւններու վերաբերեալ իր երկրորդ միջանկեալ զեկոյցը, ուր ներառած է 9 հոկտեմբերէն մինչեւ 12-ը արձանագրուած նոր դէպքերն ու փաստերը:

Մասնաւորապէս, զեկոյցին  աւելցած են մարդկային ու նիւթական կորուստներու վիճակագրութիւնը, 10 հոկտեմբերին Հատրութի մէջ արձանագրուած վայրագութիւններու մասին որոշ տուեալներ, զինծառայողներու հանդէպ կատարուած յանցագործութիւններու որոշ ապացոյցներ ու միջազգային իրաւական վերլուծութիւն:

Մինչեւ 12 հոկտեմբերը ներառեալ սպանուած է ընդհանուր 31 խաղաղ բնակիչ, որոնց մէջ կան 1 մանկահասակ աղջիկ, 7 կին եւ 23 տղամարդ: Մահուան դէպքերը արձանագրուած են Ստեփանակերտ (10), Մարտունի (6), Հատրութ (6) եւ Մարտակերտ (3), Մարտակերտի շրջանի Ալաշան բնակավայր (1 ), Զագլիկ (1 ) եւ Մեծ շէն համայնքին յարակից վայր (1), Ասքերանի շրջանի Այգեստան համայնք (2) եւ Տիգրանակերտ տեղամաս (1):

Մարմնական վնասուածքներ ստացած է ընդհանուր առմամբ 106 մարդ:

27 սեպտեմբերէն ի վեր ատրպէյճանական զինուած ուժերը թիրախաւորած են Արցախի Հանրապետութեան աւելի քան 120 քաղաքացիական բնակավայր, որու հետեւանքով արձանագրուած են բազմաթիւ ենթակառուցուածքներու ու մասնաւոր գոյքի ոչնչացման կամ վնասման դէպքեր: Նախնական տուեալներով լրջօրէն վնասուած է աւելի քան 6700 մասնաւոր սեփականութեան անշարժ գոյք, աւելի քան 640 ինքնաշարժ, շուրջ 1110 ենթակառուցուածքային, հանրային եւ արտադրական նշանակութեան կառոյցներ:

Յիշեցնենք, որ ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը կը շարունակէ փաստահաւաք առաքելութիւնը, որու արդիւնքներու վերաբերեալ կը տրուին թարմացուած տեղեկութիւններ:

Փայլան Արցախի խնդրով գրաւոր առաջարկ ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին
Նախորդ նիւթը

Փայլան Արցախի խնդրով գրաւոր առաջարկ ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին

Մենք մեր սուգը պէտք է վեր ածենք ցասման, մեր մտավախութիւնները՝ վճռականութեան, մեր կասկածները՝ գործողութեան. Մենք պիտի յաղթենք. Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Մենք մեր սուգը պէտք է վեր ածենք ցասման, մեր մտավախութիւնները՝ վճռականութեան, մեր կասկածները՝ գործողութեան. Մենք պիտի յաղթենք. Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր