36 համայնքներու բացարձակ մեծամասնութեան մէջ ՔՊ-ն կ’ունենայ համայնքապետ

Դեկտեմբեր 5-ին կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը (ՔՊ) յաղթած է 36 համայնքներէն մեծ մասին մէջ, ինչպէս կուսակցութենէն Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Վահագն Ալեքսանեան գրած է Դիմատետրի էջով՝ նախնական տուեալներով 25-ին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, իշխանական կուսակցութիւնը պարտուած է քանի մը խոշոր քաղաքներու մէջ: Մասիսի գործող քաղաքապետ, քրէական գործով մեղադրեալ Դաւիթ Համբարձումեանի գլխաւորած դաշինքը յաղթած է ապահովելով Համբարձումեանի հետագայ պաշտօնավարումը: Աբովեանի մէջ ամենաշատ ձայներ՝ շուրջ 46 տոկոս, ստացած է «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, որու թեկնածու՝ Գագիկ Ծառուկեանի թիկնազօրի նախկին պետ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր՝ Էդուարդ Բաբայեանին անհրաժեշտ են նաեւ այլ ուժերու քուէներ քաղաքապետ ընտրուելու համար: 2019-ին Բաբայեան դատապարտուեցաւ 3 տարի 6 ամիս
7 Դեկտեմբերի 2021
4 ր. ընթերցում
36 համայնքներու բացարձակ մեծամասնութեան մէջ ՔՊ-ն կ'ունենայ համայնքապետ

Դեկտեմբեր 5-ին կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը (ՔՊ) յաղթած է 36 համայնքներէն մեծ մասին մէջ, ինչպէս կուսակցութենէն Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Վահագն Ալեքսանեան գրած է Դիմատետրի էջով՝ նախնական տուեալներով 25-ին մէջ։

Միեւնոյն ժամանակ, իշխանական կուսակցութիւնը պարտուած է քանի մը խոշոր քաղաքներու մէջ:

Մասիսի գործող քաղաքապետ, քրէական գործով մեղադրեալ Դաւիթ Համբարձումեանի գլխաւորած դաշինքը յաղթած է ապահովելով Համբարձումեանի հետագայ պաշտօնավարումը:

Աբովեանի մէջ ամենաշատ ձայներ՝ շուրջ 46 տոկոս, ստացած է «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, որու թեկնածու՝ Գագիկ Ծառուկեանի թիկնազօրի նախկին պետ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր՝ Էդուարդ Բաբայեանին անհրաժեշտ են նաեւ այլ ուժերու քուէներ քաղաքապետ ընտրուելու համար: 2019-ին Բաբայեան դատապարտուեցաւ 3 տարի 6 ամիս ազատազրկման եւ համաներմամբ ազատ արձակուեցաւ:

Վանաձորի մէջ յաղթած է նախկին քաղաքապետ Մամիկոն Ասլանեանի գլխաւորած դաշինքը՝ ստանալով քուէներու մօտ 38,6 տոկոսը, ինչ որ կը նշանակէ, որ առանց այլ ուժի ձայներու Ասլանեան չ’ընտրուիր քաղաքապետ: Անցեալ ընտրութիւններուն Ասլանեան կը գլխաւորէր Հանրապետականի ցուցակը:

«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, որու ցուցակի առաջին համարը Լոռիի մարզպետ՝ Արամ Խաչատրեանն է, ստացած է ձայներու մօտ 24,7 տոկոսը:

Դատախազութիւնը դիմած է դատարան՝ Վլատիմիր Գասպարեանի ու անոր ընտանիքի գոյքի բռնագանձման հայցով
Նախորդ նիւթը

Դատախազութիւնը դիմած է դատարան՝ Վլատիմիր Գասպարեանի ու անոր ընտանիքի գոյքի բռնագանձման հայցով

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ՄԻՊ–երը քննարկած են հայերու նկատմամբ ատրպէյճանցիներու վայրագութիւններու խնդիրը
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ՄԻՊ–երը քննարկած են հայերու նկատմամբ ատրպէյճանցիներու վայրագութիւններու խնդիրը

ԱնցնիլՎեր