61 օր անյայտութեան մէջ գտնուող եւս 2 քաղաքացի յայտնաբերուած է

Որոնողափրկարարական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած 2 քաղաքացի՝ հայր եւ որդի Միքայէլ եւ Գեղամ Պետրոսեանները, ռուս խաղաղապահներու եւ կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ քիչ առաջ տեղափոխուած են Ստեփանակերտ: Այս մասին տեղեկացուցած են ԱՀ ԱԻՊԾ-էն։ Տեսանիւթը’ այստեղ: ԱԻ պետական ծառայութեան տնօրէն զորավար-մայոր Կարէն Սարգսեանը եւ ՊԲ զօրավար-մայոր Աշոտ Բալասանեանը անոնց դիմաւորած եւ ուղեկցած են հանրապետական բժշկական կեդրոն, ուր Պետրոսեանները համապատասխան բուժօգնութիւն կը ստանան: Կարէն Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրակազմին՝ հրամանատար զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովի գլխաւորութեամբ, ՊԲ զօրավար-մայոր Աշոտ Բալասանեանին եւ որոնողական աշխատանքներ իրականացնող խումբի ուղեկցողներուն: ԱԻ ծառայութեան տնօրէն Կարէն Սարգսեանը նշած է, որ որոնողական աշխատանքները կը կրեն ամենօրեայ բնոյթ
22 Դեկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
61 օր անյայտութեան մէջ գտնուող եւս 2 քաղաքացի յայտնաբերուած է

Որոնողափրկարարական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած 2 քաղաքացի՝ հայր եւ որդի Միքայէլ եւ Գեղամ Պետրոսեանները, ռուս խաղաղապահներու եւ կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ քիչ առաջ տեղափոխուած են Ստեփանակերտ: Այս մասին տեղեկացուցած են ԱՀ ԱԻՊԾ-էն։

Տեսանիւթը’ այստեղ:

ԱԻ պետական ծառայութեան տնօրէն զորավար-մայոր Կարէն Սարգսեանը եւ ՊԲ զօրավար-մայոր Աշոտ Բալասանեանը անոնց դիմաւորած եւ ուղեկցած են հանրապետական բժշկական կեդրոն, ուր Պետրոսեանները համապատասխան բուժօգնութիւն կը ստանան:

Կարէն Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրակազմին՝ հրամանատար զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովի գլխաւորութեամբ, ՊԲ զօրավար-մայոր Աշոտ Բալասանեանին եւ որոնողական աշխատանքներ իրականացնող խումբի ուղեկցողներուն:

ԱԻ ծառայութեան տնօրէն Կարէն Սարգսեանը նշած է, որ որոնողական աշխատանքները կը կրեն ամենօրեայ բնոյթ եւ կը գործադրուին բոլոր հնարաւոր ջանքերն ու լծակները՝ անհետ կորած զինծառայողներն ու քաղաքացիները յայտնաբերելու համար:

Համայնքներու այսօրուան սահմանները որոշուած են 2010-ին ընդունուած ՀՀ Օրէնքով. Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Համայնքներու այսօրուան սահմանները որոշուած են 2010-ին ընդունուած ՀՀ Օրէնքով. Փաշինեան

Գերեվարուած 62 զինծառայողներու ցանկը արդէն փոխանցուած է Կարմիր Խաչին. ՊՆ ղեկավար
Յաջորդ նիւթը

Գերեվարուած 62 զինծառայողներու ցանկը արդէն փոխանցուած է Կարմիր Խաչին. ՊՆ ղեկավար

ԱնցնիլՎեր