817 տուն եւ 290 բնակարան՝ Արցախի մէջ. «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը նոր ծրագիր սկսած է

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը յայտնած է, որ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու խնդիրներուն մեղմացման եւ լուծման նպատակաւ Արցախի մէջ սկիզբ առած է լայնածաւալ բնակարանաշինութեան ծրագիր մը։ «Առաջին փուլով կը նախատեսուի կառուցել 817 տուն եւ 290 բնակարան, որուն համար յատկացուած է 58.398.000 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ։ Նշուած գումարը հաւաքագրուած է «Մենք ենք մեր սահմանները» դրամահաւաք-միջոցառման շրջանակներէն ներս՝ համայն հայութեան ջանքերով», — ըսուած է հիմնադրամին տարածած յայտարարութեան մէջ։ Բնակարաններուն եւ շենքերուն մէկ մասը շահագործման պիտի յանձնուի մինչեւ տարեվերջ՝ սեփական տանիքով ապահովելով Շուշիէն եւ Հատրութէն տեղահանուած մօտ 457 ընտանիքի՝ Ստեփանակերտի եւ Իւանեան համայնքներէն ներս։
24 Հունիսի 2021
2 ր. ընթերցում
817 տուն եւ 290 բնակարան՝ Արցախի մէջ. «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը նոր ծրագիր սկսած է

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը յայտնած է, որ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու խնդիրներուն մեղմացման եւ լուծման նպատակաւ Արցախի մէջ սկիզբ առած է լայնածաւալ բնակարանաշինութեան ծրագիր մը։

«Առաջին փուլով կը նախատեսուի կառուցել 817 տուն եւ 290 բնակարան, որուն համար յատկացուած է 58.398.000 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ։ Նշուած գումարը հաւաքագրուած է «Մենք ենք մեր սահմանները» դրամահաւաք-միջոցառման շրջանակներէն ներս՝ համայն հայութեան ջանքերով», — ըսուած է հիմնադրամին տարածած յայտարարութեան մէջ։

Բնակարաններուն եւ շենքերուն մէկ մասը շահագործման պիտի յանձնուի մինչեւ տարեվերջ՝ սեփական տանիքով ապահովելով Շուշիէն եւ Հատրութէն տեղահանուած մօտ 457 ընտանիքի՝ Ստեփանակերտի եւ Իւանեան համայնքներէն ներս։

Հոլանտայի խորհրդարանի թուրք երեսփոխանները միացած են պահանջին «Ազատ արձակել  հայ  ռազմագերիները»
Նախորդ նիւթը

Հոլանտայի խորհրդարանի թուրք երեսփոխանները միացած են պահանջին «Ազատ արձակել հայ ռազմագերիները»

Ատրպէյճանցի զինուորները սպառնացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրենց աշխատանքը կատարող սպանացի լրագրողներուն
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանցի զինուորները սպառնացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրենց աշխատանքը կատարող սպանացի լրագրողներուն

ԱնցնիլՎեր