COVID-19 պատուաստանիւթի 25 000 դեղաչափ՝ Ֆրանսայէն Հայաստանին

Ֆրանսան «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստի 25 հազար դեղաչափ ուղարկած է Հայաստան։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ սա պատուաստի առաջին խմբաքանակն է։  «Ֆրանսան Հայաստանի կողքին է ՝ համաճարակը դիմագրաւելու նպատակով», — նշուած է դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։  Հայաստանին 200 հազար դեղաչափ պատուաստի նուիրատուութեան մասին 3 Օգոստոսին յայտնած էր Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը: ՀՀ իշխանութիւններուն հետ համակարգմամբ պատուաստին մնացեալ առաքումները պիտի շարունակուին վաղը եւ գալիք շաբաթներուն ընթացքին:
15 Սեպտեմբերի 2021
1 ր. ընթերցում
COVID-19 պատուաստանիւթի 25 000 դեղաչափ՝ Ֆրանսայէն Հայաստանին

Ֆրանսան «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստի 25 հազար դեղաչափ ուղարկած է Հայաստան։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ սա պատուաստի առաջին խմբաքանակն է։ 

«Ֆրանսան Հայաստանի կողքին է ՝ համաճարակը դիմագրաւելու նպատակով», — նշուած է դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։ 

Հայաստանին 200 հազար դեղաչափ պատուաստի նուիրատուութեան մասին 3 Օգոստոսին յայտնած էր Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը: ՀՀ իշխանութիւններուն հետ համակարգմամբ պատուաստին մնացեալ առաքումները պիտի շարունակուին վաղը եւ գալիք շաբաթներուն ընթացքին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հետեւած է «Զապատ-2021» զօրավարժութեան հիմնական փուլին
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հետեւած է «Զապատ-2021» զօրավարժութեան հիմնական փուլին

Օթաուայի քաղաքապետարանին առջեւ պիտի բարձրացուի Հայաստանի դրօշը
Յաջորդ նիւթը

Օթաուայի քաղաքապետարանին առջեւ պիտի բարձրացուի Հայաստանի դրօշը

ԱնցնիլՎեր