Netflix-ի դրուագաշարը աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ․ Ցուցադրուած քարտէզով Հայաստանը եղած է պատմական սահմաններով

Ամերիկեան «Netflix» ընկերութեան կողմէ ցուցադրուող դրուագաշարերէն մէկուն մէջ օգտագործուած քարտէզը աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ։ Այնտեղ Հայաստանը ներկայացուած է իր պատմական սահմաններով՝ ներառելով Թուրքիոյ ներկայ տարածքը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ermenihaber»-ը։ Թրքական ծովային եւ համաշխարհային ռազմավարութիւններու կեդրոնը (Turk DEGS) այդ մասին առաջինը գրառում ըրած է Twitter-ի էջով։ Գրառման մէջ նշուած է, որ 2-րդ աշխարհամարտի մասին պատմող դրուագաշարին մէջ Թուրքիոյ տարածքները ներկայացուած են իբրեւ հայկական։ Այդ մէկը համարուած է Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան թիրախաւորում։ Թեմային անդրադարձած է նաեւ թրքական իշխանամետ «Yeni Akit» թերթը։ «Ստորութիւն Netflix-էն, որ թշնամաբար տրամադրուած է Թուրքիոյ դէմ։ Տեսէ՛ք, թէ ինչպէս ներկայացուցած է Թուրքիոյ տարածքները» գլխագրով յօդուածին մէջ
10 Հունվարի 2022
3 ր. ընթերցում
Netflix-ի դրուագաշարը աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ․ Ցուցադրուած քարտէզով Հայաստանը եղած է պատմական սահմաններով

Ամերիկեան «Netflix» ընկերութեան կողմէ ցուցադրուող դրուագաշարերէն մէկուն մէջ օգտագործուած քարտէզը աղմուկ բարձրացուցած է Թուրքիոյ մէջ։ Այնտեղ Հայաստանը ներկայացուած է իր պատմական սահմաններով՝ ներառելով Թուրքիոյ ներկայ տարածքը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ermenihaber»-ը։

Թրքական ծովային եւ համաշխարհային ռազմավարութիւններու կեդրոնը (Turk DEGS) այդ մասին առաջինը գրառում ըրած է Twitter-ի էջով։ Գրառման մէջ նշուած է, որ 2-րդ աշխարհամարտի մասին պատմող դրուագաշարին մէջ Թուրքիոյ տարածքները ներկայացուած են իբրեւ հայկական։ Այդ մէկը համարուած է Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան թիրախաւորում։

Թեմային անդրադարձած է նաեւ թրքական իշխանամետ «Yeni Akit» թերթը։ «Ստորութիւն Netflix-էն, որ թշնամաբար տրամադրուած է Թուրքիոյ դէմ։ Տեսէ՛ք, թէ ինչպէս ներկայացուցած է Թուրքիոյ տարածքները» գլխագրով յօդուածին մէջ կը նշուի, որ բազմաթիւ քաղաքացիներ դժգոհութիւն յայտնած են «Netflix»-ի այդ գործելաոճէն։ Անոնք կը պահանջեն, որ Թուրքիոյ ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան գերագոյն խորհուրդը (RTUK) գործի անցնի եւ ամենածանր պատժամիջոցները կիրառէ «Netflix»-ի դէմ։

Զոհուած եւ անհետ կորսուած համարուող զինուորներու աճիւններու որոնողական աշխատանքները շարունակուած են նաեւ տօնական օրերուն
Նախորդ նիւթը

Զոհուած եւ անհետ կորսուած համարուող զինուորներու աճիւններու որոնողական աշխատանքները շարունակուած են նաեւ տօնական օրերուն

Նման քայլերով Ատրպէյճանը չի կրնար սասանել արցախցիի վճռականութիւնը ապրելու եւ արարելու Արցախի մէջ. ԱՀ ԱԳՆ
Յաջորդ նիւթը

Նման քայլերով Ատրպէյճանը չի կրնար սասանել արցախցիի վճռականութիւնը ապրելու եւ արարելու Արցախի մէջ. ԱՀ ԱԳՆ

ԱնցնիլՎեր