ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի հետ

Սեպտեմբեր 22-ին ՄԱԿ Գլխաւոր ասամպլէայի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Նիւ Եորք գտնուող ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի հետ։ Կողմերը քննարկած են հայ-ֆրանսական առաձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն, տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնմանն ու խորացման վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներուն։ Նախարար Միրզոյեանն առանձնայատուկ կարեւորած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու շուտափոյթ հայրենադարձումը։ Երկուստեք կարեւորուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջագիծէն ներս ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։
23 Սեպտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի հետ

Սեպտեմբեր 22-ին ՄԱԿ Գլխաւոր ասամպլէայի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Նիւ Եորք գտնուող ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի հետ։

Կողմերը քննարկած են հայ-ֆրանսական առաձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն, տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ ընդլայնմանն ու խորացման վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներուն։ Նախարար Միրզոյեանն առանձնայատուկ կարեւորած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու շուտափոյթ հայրենադարձումը։

Երկուստեք կարեւորուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջագիծէն ներս ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։

44-օրեայ պատերազմում պարտութեան ծանրութիւնը կախուած է Հանրապետութեան հրապարակի վրայ. Վարչապետի ուղերձը Անկախութեան օրուան առթիւ
Նախորդ նիւթը

44-օրեայ պատերազմում պարտութեան ծանրութիւնը կախուած է Հանրապետութեան հրապարակի վրայ. Վարչապետի ուղերձը Անկախութեան օրուան առթիւ

Մենք երբեք չենք նախաձեռնած յարձակում որեւէ երկրի վրայ, մեր միակ ցանկութիւնը խաղաղութիւնն է. ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Մակունցի հարցազրոյցը Al Arabiya-ին
Յաջորդ նիւթը

Մենք երբեք չենք նախաձեռնած յարձակում որեւէ երկրի վրայ, մեր միակ ցանկութիւնը խաղաղութիւնն է. ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Մակունցի հարցազրոյցը Al Arabiya-ին

ԱնցնիլՎեր