Մենք երբեք չենք նախաձեռնած յարձակում որեւէ երկրի վրայ, մեր միակ ցանկութիւնը խաղաղութիւնն է. ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Մակունցի հարցազրոյցը Al Arabiya-ին

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի պաշտօնը ստանձնելէն կարճ ժամանակ անց Լիլիթ Մակունցն արդէն քայլեր կը ձեռնարկէ հայ-ամերիկեան կապերուն նոր խթան հաղորդելու ուղղութեամբ: Այս մասին գրած է  Al Arabiya-ն, որ հարցազրոյց ունեցած է ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի առաջին կին դեսպանի հետ: «Մենք պատերազմէն ետք դեռ վերականգնման փուլի մէջ ենք՝ ինչպէս մտաւոր, այնպէս ալ տնտեսապէս»,- նշած է 37-ամեայ դեսպանը: Խօսելով 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի եւ հայ-ատրպէյճանական խնդիրը լուծելու մասին՝ Մակունցը նշած է, որ հարցի  լուծման լաւագոյն ճանապարհը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբն է: «1994 թուականին, երբ մենք յաղթեցինք [Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմին], մենք ետ վերադարձուցինք բոլոր ռազմագերիները: Տարօրինակ է, որ անոնք (խմբ.- Ատրպէյճանը) կը շարունակեն պահել հայ ռազմագերիները»,- նշած է Մակունցը: Ան
23 Սեպտեմբերի 2021
4 ր. ընթերցում
Մենք երբեք չենք նախաձեռնած յարձակում որեւէ երկրի վրայ, մեր միակ ցանկութիւնը խաղաղութիւնն է. ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Մակունցի հարցազրոյցը Al Arabiya-ին

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի պաշտօնը ստանձնելէն կարճ ժամանակ անց Լիլիթ Մակունցն արդէն քայլեր կը ձեռնարկէ հայ-ամերիկեան կապերուն նոր խթան հաղորդելու ուղղութեամբ:

Այս մասին գրած է  Al Arabiya-ն, որ հարցազրոյց ունեցած է ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի առաջին կին դեսպանի հետ:

«Մենք պատերազմէն ետք դեռ վերականգնման փուլի մէջ ենք՝ ինչպէս մտաւոր, այնպէս ալ տնտեսապէս»,- նշած է 37-ամեայ դեսպանը:

Խօսելով 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի եւ հայ-ատրպէյճանական խնդիրը լուծելու մասին՝ Մակունցը նշած է, որ հարցի  լուծման լաւագոյն ճանապարհը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբն է:

«1994 թուականին, երբ մենք յաղթեցինք [Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմին], մենք ետ վերադարձուցինք բոլոր ռազմագերիները: Տարօրինակ է, որ անոնք (խմբ.- Ատրպէյճանը) կը շարունակեն պահել հայ ռազմագերիները»,- նշած է Մակունցը:

Ան շեշտած է, որ ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններու հետեւանքով շատ հայեր տեղահանուած են, եւ այժմ Հայաստանի կառավարութիւնը օրէնքներ կը մշակէ՝ ներքին տեղահանուած անձանց օգնութիւն տրամադրելու նպատակով:

«Հայաստանը հպարտ է իր ժողովրդավարութեամբ: Պատերազմէն ետք մենք որոշեցինք, որ պէտք է մեծցնենք դիւանագիտական ջանքերը աշխարհի խոշոր մայրաքաղաքներուն մէջ:

Մեր միակ ցանկութիւնը խաղաղութիւնն է: Մենք երբեք չենք նախաձեռնած յարձակում որեւէ երկրի վրայ եւ չենք ծրագրեր նման բան»,- յայտարարած է ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Մակունցը:

ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի հետ
Նախորդ նիւթը

ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի հետ

Հայաստանի եւ Յունաստանի ԱԳ նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգերու շուրջ
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Յունաստանի ԱԳ նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգերու շուրջ

ԱնցնիլՎեր