ԱԺ-ն կրնայ ինքնալուծարման հնարաւորութիւն ստանալ. ՀԺ

ՀԺ-ի տեղեկութիւններով՝ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան մէջ կը շրջանառուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծ մը, որուն ընդունուելու պարագային Ազգային ժողովը կրնայ ինքնալուծարուիլ: Փոփոխութեան բնոյթը Սահմանադրութեան 92-րդ յօդուածին մէջ այնպիսի լրացում կատարելն է, որուն համաձայն՝ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը կ’իրականացուի նաեւ Ազգային ժողովի առնուազն երեք հինգերորդով ընդունուած որոշմամբ Ազգային ժողովի արձակուելու պարագային: Կ’առաջարկուի նաեւ ամրագրել, որ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը կ’իրականացուի Ազգային ժողովի արձակուելէն ոչ շուտ, քան քառասուն, եւ ոչ ուշ, քան յիսունհինգ օր յետոյ  (գործող կարգաւորման մէջ ընտրութիւնը կ’իրականացուի ոչ շուտ, քան երեսուն, եւ ոչ ուշ քան քառասունհինգ օր յետոյ): Գործող Սահմանադրութեամբ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւն կը նշանակուի միայն այն պարագային, երբ վարչապետի
26 Հունվարի 2021
3 ր. ընթերցում
ԱԺ-ն կրնայ ինքնալուծարման հնարաւորութիւն ստանալ. ՀԺ

ՀԺ-ի տեղեկութիւններով՝ ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան մէջ կը շրջանառուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծ մը, որուն ընդունուելու պարագային Ազգային ժողովը կրնայ ինքնալուծարուիլ:

Փոփոխութեան բնոյթը Սահմանադրութեան 92-րդ յօդուածին մէջ այնպիսի լրացում կատարելն է, որուն համաձայն՝ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը կ’իրականացուի նաեւ Ազգային ժողովի առնուազն երեք հինգերորդով ընդունուած որոշմամբ Ազգային ժողովի արձակուելու պարագային:

Կ’առաջարկուի նաեւ ամրագրել, որ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը կ’իրականացուի Ազգային ժողովի արձակուելէն ոչ շուտ, քան քառասուն, եւ ոչ ուշ, քան յիսունհինգ օր յետոյ  (գործող կարգաւորման մէջ ընտրութիւնը կ’իրականացուի ոչ շուտ, քան երեսուն, եւ ոչ ուշ քան քառասունհինգ օր յետոյ):

Գործող Սահմանադրութեամբ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւն կը նշանակուի միայն այն պարագային, երբ վարչապետի հրաժարականէն ետք 2 անգամ 7-օրեայ ժամկէտի մէջ Ազգային ժողովը պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ չընտրեր նոր վարչապետ:

Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները չեն համաձայնիր Փաշինեանի հրաժարականի պարագային նոր թեկնածու չառաջադրել, ինչը տեսականօրէն կը նշանակէ, որ Փաշինեանի հրաժարականէն ետք ԱԺ-ն այլ վարչապետ կրնայ ընտրել:

Շուռնուխի իր տունը վառած Արարատը վերադառնալու յոյս ունի
Նախորդ նիւթը

Շուռնուխի իր տունը վառած Արարատը վերադառնալու յոյս ունի

The Council of Europe stands ready to provide its contribution to addressing the consequences of the conflict in its area of expertise. Council of Europe's answer to ADL & AYMS
Յաջորդ նիւթը

Եւրոխորհուրդը պատրաստ է իր ներդրումը բերել հակամարտութեան հետեւանքներուն դիմագրաւելու իր իրաւասութեան բնագաւառին մէջ։ Եւրոխորհուրդին պատասխանը՝ ՌԱԿ-ի եւ ԵՊՄ-ի ուղղած նամակին

ԱնցնիլՎեր