Երուսաղէմի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ատենապետ Յակոբ Շոհմելեանի եւ Երուսաղէմի ԵՊՄ «Հոյեչմէն» ակումբին ատենապետ Սարգիս Ճերնազեանի կողմէ ազրպէյճանական բանակին կողմէ բռնուած հայ գերիներուն մասին ուղարկուած նամակին ի պատասխան՝ ստացած ենք Եւրոխորհուրդի գլխաւոր քարտուղար տիկին Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչի պատասխանը։
Պատասխանը հետեւեալն է՝
Ստրասպուրկ, 18 Յունուար 2021
Յարգելի պրն. Շոհմելեան, Յարգելի պրն. Ճերնազեան
Գլխաւոր քարտուղարին անունով կը հաստատեմ ձեր 3 Դեկտեմբեր 2020-ի դիմումին ստացումը։
Ինչպէս գիտէք, թշնամական գործողութիւններուն բռնկումէն ի վեր Եւրոխորհուրդը դատապարտած է տարածաշրջանի քաղաքացիական բնակչութեան կողմէ կրուած անընդունելի տառապանքը եւ առհասարակ հակամարտութեան հետեւանքները մարդկային կեանքերու վրայ։ 9 Նոյեմբեր 2020-ի հրադադարի յայտարարութեան իրագործումը, որ ողջունելի է, ուշադրութեամբ հետեւած է եւ շարունակելու է հետեւիլ։ Յոյս յայտնուած է, որ ան պիտի օգնէ հակամարտութեան ծանր մարդասիրական հետեւանքներուն դիմագրաւելուն։
Խնդրեմ նաեւ նշել, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը բազմաթիւ դիմումներ ստացած է Կանոն 39-ի համաձայն՝ գերիներուն առնչութեամբ։
Ինչպէս գլխաւոր քարտուղարը հրապարակաւոր բազմիցս նշած է, Եւրոխորհուրդը պատրաստ է իր ներդրումը բերել հակամարտութեան հետեւանքներուն դիմագրաւելու իր իրաւասութեան բնագաւառին մէջ եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուած ջանքերուն մաս կազմելով։
Յարգանքով՝
Միրոսլաւ Փափա