Թուրքիոյ մէջ կ’աւերեն հերթական հայկական եկեղեցին

Թուրքիոյ արեւմտեան Քէօթահիա նահանգին մէջ աւերած են Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին։ Այս մասին գրառում ըրած է իրաւապաշտպան Արլեթ Նաթալի Աւազեանը, որ յայտնի է թրքական իշխանութիւններուն հասցէագրուած սուր քննադատութիւններով։ «Դուք ընդհանրապէս յարգանք չունի՞ք պատմութեան նկատմամբ։ Հայերու պատմութիւնը ոչնչացնելով՝ այս հողերուն վրայ հայերու գոյութիւնն ա՞լ պիտի անտեսէք»,- գրած է իրաւապաշտպանը եւ յիշեցուցած Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ յղում ընելով հայ մտաւորական Արշակ Ալպոյաճեանի գիրքին, ուր հեղինակը կը պատմէ եկեղեցւոյ տարածք կատարած իր այցի մասին։  Սուրբ Թորոս եկեղեցին կառուցուած է Օսմանեան կայսրութեան Մուրատ սուլթանի օրօք։ Թէեւ եկեղեցին 1603թ․ ճալալիական ապստամբութեան ժամանակ քանդուած է, բայց այնուհետեւ վերակառուցուած է։ Ալպոյաճեանի գիրքին մէջ նշուած է, որ մարդիկ կը
27 Հունվարի 2021
5 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ մէջ կ'աւերեն հերթական հայկական եկեղեցին

Թուրքիոյ արեւմտեան Քէօթահիա նահանգին մէջ աւերած են Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին։ Այս մասին գրառում ըրած է իրաւապաշտպան Արլեթ Նաթալի Աւազեանը, որ յայտնի է թրքական իշխանութիւններուն հասցէագրուած սուր քննադատութիւններով։

«Դուք ընդհանրապէս յարգանք չունի՞ք պատմութեան նկատմամբ։ Հայերու պատմութիւնը ոչնչացնելով՝ այս հողերուն վրայ հայերու գոյութիւնն ա՞լ պիտի անտեսէք»,- գրած է իրաւապաշտպանը եւ յիշեցուցած Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ յղում ընելով հայ մտաւորական Արշակ Ալպոյաճեանի գիրքին, ուր հեղինակը կը պատմէ եկեղեցւոյ տարածք կատարած իր այցի մասին։ 

Սուրբ Թորոս եկեղեցին կառուցուած է Օսմանեան կայսրութեան Մուրատ սուլթանի օրօք։ Թէեւ եկեղեցին 1603թ․ ճալալիական ապստամբութեան ժամանակ քանդուած է, բայց այնուհետեւ վերակառուցուած է։ Ալպոյաճեանի գիրքին մէջ նշուած է, որ մարդիկ կը հաւատան, որ Սուրբ Թորոսի ձիու պայտի հետքը կը գտնուի այն ժայռաբեկորի վրայ, ուր կառուցուած է եկեղեցին։ Ըստ աւանդութեան՝ թուրք կանայք հիւանդութիւններէն բուժուելու համար կու գային կը նստէին եկեղեցւոյ մօտ եւ հոգեւորականներէն կը խնդրէին սուրբ գիրք կարդալ։

Եկեղեցին ժամանակին ծառայած է նաեւ որպէս հանդիսութիւններու սրահ, ապա ամբողջովին փակուած։ Պատմելով եկեղեցի կատարած այցի մասին՝ Ալպոյաճեանը գրած է. «Այժմ Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ դուրսի դռան փակցուած է այս ցուցանակը՝ «Շէնքին մօտենալը վտանգաւոր է եւ կ’արգիլուի»։ Մարդոց մօտենալով, կը հարցնեմ հնարաւո՞ր է կապ հաստատել հանդիսութիւններու սրահի սեփականատիրոջ հետ: Այստեղ հին եկեղեցի է, կ’ուզենք աղօթել: Բայց Սուլէյման անունով մէկը պատասխանեց, որ բանալիները յանձնած է սեփականատիրոջ։ Վերջինիս հետ հեռախօսով խօսեցանք եւ ըսաւ, որ թոյլ չի տար ներս մտնել»:

The Council of Europe stands ready to provide its contribution to addressing the consequences of the conflict in its area of expertise. Council of Europe's answer to ADL & AYMS
Նախորդ նիւթը

Եւրոխորհուրդը պատրաստ է իր ներդրումը բերել հակամարտութեան հետեւանքներուն դիմագրաւելու իր իրաւասութեան բնագաւառին մէջ։ Եւրոխորհուրդին պատասխանը՝ ՌԱԿ-ի եւ ԵՊՄ-ի ուղղած նամակին

«Գորշ գայլեր»ը Շուշիի մէջ դպրոց պիտի կառուցեն. Էրտողանն ու Ալիեւը համաձայնութիւն տուած են Պահչելիի առաջարկին
Յաջորդ նիւթը

«Գորշ գայլեր»ը Շուշիի մէջ դպրոց պիտի կառուցեն. Էրտողանն ու Ալիեւը համաձայնութիւն տուած են Պահչելիի առաջարկին

ԱնցնիլՎեր