Ալիեւները այցելած են Քարվաճառ եւ Քաշաթաղ, մասնակցած Բերձորի միջազգային օդակայանի հիմնարկեքին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւան երկուշաբթի այցելած են Արցախի՝ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Քարվաճառի եւ Քաշաթաղի շրջաններ, գրած է minval.az-ը: Անոնք մասնակցած են Մռավի լեռնաշղթային մէջ (Մուրովդաղ) կառուցուելիք փապուղիի (թունել) հիմնարկեքին, ծանօթացած են Քաշաթաղի փոքր ջրաելեկտրակայանին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է «Քելբաջար» 110/35/10 քիլոուոլթ հզօրութեամբ ենթակայանի բացումը: Այցի ընթացքին Ալիեւ մասնակցած է նաեւ Քարվաճառ-Բերձոր մայրուղիի վրայ կառուցուելիք փապուղիի (ունել), ինչպէս նաեւ Բերձորի միջազգային օդակայանի հիմնարկեքին:
17 Օգոստոսի 2021
2 ր. ընթերցում
Ալիեւները այցելած են Քարվաճառ եւ Քաշաթաղ, մասնակցած Բերձորի միջազգային օդակայանի հիմնարկեքին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւան երկուշաբթի այցելած են Արցախի՝ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Քարվաճառի եւ Քաշաթաղի շրջաններ, գրած է minval.az-ը:

Անոնք մասնակցած են Մռավի լեռնաշղթային մէջ (Մուրովդաղ) կառուցուելիք փապուղիի (թունել) հիմնարկեքին, ծանօթացած են Քաշաթաղի փոքր ջրաելեկտրակայանին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է «Քելբաջար» 110/35/10 քիլոուոլթ հզօրութեամբ ենթակայանի բացումը:

Այցի ընթացքին Ալիեւ մասնակցած է նաեւ Քարվաճառ-Բերձոր մայրուղիի վրայ կառուցուելիք փապուղիի (ունել), ինչպէս նաեւ Բերձորի միջազգային օդակայանի հիմնարկեքին:

Իլհամ Ալիեւ տեղանուանական պատերազմ սկսած է Հայաստանի հետ
Նախորդ նիւթը

Իլհամ Ալիեւ տեղանուանական պատերազմ սկսած է Հայաստանի հետ

Թուրքիոյ մէջ ջրհեղեղի զոհերու թիւը հասած է 77-ի
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիոյ մէջ ջրհեղեղի զոհերու թիւը հասած է 77-ի

ԱնցնիլՎեր