Ալիեւ կոչ ըրած է բարեփոխելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր՝ 2 մարտին, Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդն անարդիւնաւէտ է եւ բարեփոխման կարիք ունի։ «ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կը յիշեցնէ անցեալը եւ չ’արտացոլեր ներկայ իրականութիւնը։ Խորհուրդի կազմը պէտք է ընդլայնուի, որպէսզի այն դառնայ աւելի ներկայացուցչական եւ աշխարհագրականօրէն աւելի արդար», — ըսած է Ալիեւ՝ ելոյթ ունենալով Չմիացած երկիրներու շարժման Քովիտ 19-ի դէմ պայքարի հաղորդակցային խումբի գագաթնաժողովին։ Ան ընդգծած է, որ «աշխարհը հիմա ականատես կ’ըլլայ Սառ պատերազմի աւարտէն ի վեր ամենալուրջ առճակատման Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ»։ «Նոր աշխարհակարգը վերափոխման փուլին է: Ամբողջ աշխարհն այժմ ականատես կ’ըլլայ Սառ պատերազմի աւարտէն ի վեր Արեւելքի եւ Արեւմուտքի ամենալուրջ առճակատման։
2 Մարտի 2023
5 ր. ընթերցում
Ալիեւ կոչ ըրած է բարեփոխելու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր՝ 2 մարտին, Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդն անարդիւնաւէտ է եւ բարեփոխման կարիք ունի։

«ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կը յիշեցնէ անցեալը եւ չ’արտացոլեր ներկայ իրականութիւնը։ Խորհուրդի կազմը պէտք է ընդլայնուի, որպէսզի այն դառնայ աւելի ներկայացուցչական եւ աշխարհագրականօրէն աւելի արդար», — ըսած է Ալիեւ՝ ելոյթ ունենալով Չմիացած երկիրներու շարժման Քովիտ 19-ի դէմ պայքարի հաղորդակցային խումբի գագաթնաժողովին։

Ան ընդգծած է, որ «աշխարհը հիմա ականատես կ’ըլլայ Սառ պատերազմի աւարտէն ի վեր ամենալուրջ առճակատման Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ»։

«Նոր աշխարհակարգը վերափոխման փուլին է: Ամբողջ աշխարհն այժմ ականատես կ’ըլլայ Սառ պատերազմի աւարտէն ի վեր Արեւելքի եւ Արեւմուտքի ամենալուրջ առճակատման։ Այս առճակատման հետեւանքները զգալի մնացած են աշխարհի համար։ Այսօր աւելի ու աւելի շատ կը նկատուին ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան խախտման, պետութիւններու ներքին գործերուն միջամտելու դէպքերը»,- ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Ատրպէյճանի նախագահ նաեւ Ֆրանսային կոչ ըրած է ընդունելու պատասխանատուութիւնը «արիւնալի յանցագործութիւններուն համար» եւ ներողութիւն խնդրելու։ Ան մասնաւորապէս, ըսած է, որ Ֆրանսայի կողմէ Եւրոպայէն դուրս կառավարուող տարածքները «ֆրանսական գաղութային կայսրութեան նողկալի մնացորդներն են»։

«Մենք նաեւ կոչ կ’ընենք Ֆրանսային ընդունելու պատասխանատուութիւնը Ափրիկէի, Հարաւարեւելեան Ասիոյ եւ այլ վայրերու մէջ իր գաղութային անցեալի եւ արիւնալի գաղութային յանցագործութիւններու ու ցեղասպանութեան համար եւ ներողութիւն խնդրելու»,- ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Փետրուար 6-ի երկրաշարժի հետեւանքով Սուրիոյ մէջ զոհուած է աւելի քան 7200 մարդ, Թուրքիոյ մէջ՝ 45000
Նախորդ նիւթը

Փետրուար 6-ի երկրաշարժի հետեւանքով Սուրիոյ մէջ զոհուած է աւելի քան 7200 մարդ, Թուրքիոյ մէջ՝ 45000

Հայաստան պատասխանեց «ապակառուցողականութեան» վերաբերող Պայրամովի մեղադրանքներուն
Յաջորդ նիւթը

Հայաստան պատասխանեց «ապակառուցողականութեան» վերաբերող Պայրամովի մեղադրանքներուն

ԱնցնիլՎեր