Ահաբեկիչները թիրախ կը դարձնեն Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովուապետն ու անոր հայրը

Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները սպանած են Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովուապետ Տէր Յովսէփ քահանայ Պետոյեանն ու անոր հայրը` Տէր Աբրահամ քահանայ Պետոյեանը: Անոնք սպանուած են մեքենայով Տէր Զօր ուղեւորուելու ճանապարհին: Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած է հովուապետի մանկութեան ընկեր Յակոբ սարկաւագ Պարսումեանը, ահաբեկիչները կրակ բացած են անոնց մեքենայի ուղղութեամբ: Սարկաւագը ըսած է, որ հովուապետը ծնած եւ մեծցած է Սուրիոյ մէջ, Հայաստանի մէջ ձեռնադրուելէ ետք վերադարձած եւ ծառայութիւնը շարունակած է Սուրիոյ մէջ։ Ան նաեւ պատմած է, որ մեծ պայթում տեղի ունեցած է Գամիշլիի մէջ։ Assosiated press-ի հաղորդմամբ, ընդհանուր 3 պայթում որոտացած է, զոհերու թիւը ութն է, անոնց մէջհայեր չկան։ Սարկաւագը շեշտած է, որ այս պայթումներն ու սպանութիւնը իրար հետ կապ չունին։
12 Նոյեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Ահաբեկիչները թիրախ կը դարձնեն Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովուապետն ու անոր հայրը

Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները սպանած են Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովուապետ Տէր Յովսէփ քահանայ Պետոյեանն ու անոր հայրը` Տէր Աբրահամ քահանայ Պետոյեանը:

Անոնք սպանուած են մեքենայով Տէր Զօր ուղեւորուելու ճանապարհին: Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած է հովուապետի մանկութեան ընկեր Յակոբ սարկաւագ Պարսումեանը, ահաբեկիչները կրակ բացած են անոնց մեքենայի ուղղութեամբ:

Սարկաւագը ըսած է, որ հովուապետը ծնած եւ մեծցած է Սուրիոյ մէջ, Հայաստանի մէջ ձեռնադրուելէ ետք վերադարձած եւ ծառայութիւնը շարունակած է Սուրիոյ մէջ։

Ան նաեւ պատմած է, որ մեծ պայթում տեղի ունեցած է Գամիշլիի մէջ։ Assosiated press-ի հաղորդմամբ, ընդհանուր 3 պայթում որոտացած է, զոհերու թիւը ութն է, անոնց մէջհայեր չկան։

Սարկաւագը շեշտած է, որ այս պայթումներն ու սպանութիւնը իրար հետ կապ չունին։

ՀՀ-ն յայտնուած է եկամտաբերութեան ձգտող ներդրողներու տեսադաշտին մէջ. Reuters-ի անդրադարձը
Նախորդ նիւթը

ՀՀ-ն յայտնուած է եկամտաբերութեան ձգտող ներդրողներու տեսադաշտին մէջ. Reuters-ի անդրադարձը

ՀՀ ԱԳՆ-ն կը դատապարտէ Սուրիոյ Տէր Զօրի նահանգի ահաբեկչութիւնը․ Յայտարարութիւն
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ ԱԳՆ-ն կը դատապարտէ Սուրիոյ Տէր Զօրի նահանգի ահաբեկչութիւնը․ Յայտարարութիւն

ԱնցնիլՎեր