Ամանորի ոչ աշխատանքային օրերը կը կրճատուին․ նոր որոշում

ՀՀ Ազգային ժողովը այսօր՝ 27 Հոկտեմբերին, առաջին ընթերցմամբ ընդունեց կառավարութեան ներկայացուցած օրէնքի նախագիծը, որով կ’առաջարկուի Ամանորեայ տօներուն ոչ-աշխատանքային սահմանել միայն 31 Դեկտեմբերը, 1 եւ 6 Յունուարը: Օրենքի նախագիծին կողմ քուէարկեց 53 պատգամաւոր, 16 պատգամաւոր դէմ էր, 3-ը՝ ձեռնպահ: Նախագիծը ներկայացնող ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան վստահեցուցած էր, որ ոչ-աշխատանքային օրերու կրճատմամբ ՀՆԱ-ն կը բարձրանայ, առեւտուրը կ’աճի: Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջարկած է ոչ-աշխատանքային օրեր թողել նաեւ 2 եւ 7 Յունուարը: Յիշեցնենք, որ գործող օրէնքով ոչ-աշխատանքային են 31 Դեկտեմբերէն մինչեւ 1-7 Յունուարը:
29 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Ամանորի ոչ աշխատանքային օրերը կը կրճատուին․ նոր որոշում

ՀՀ Ազգային ժողովը այսօր՝ 27 Հոկտեմբերին, առաջին ընթերցմամբ ընդունեց կառավարութեան ներկայացուցած օրէնքի նախագիծը, որով կ’առաջարկուի Ամանորեայ տօներուն ոչ-աշխատանքային սահմանել միայն 31 Դեկտեմբերը, 1 եւ 6 Յունուարը:

Օրենքի նախագիծին կողմ քուէարկեց 53 պատգամաւոր, 16 պատգամաւոր դէմ էր, 3-ը՝ ձեռնպահ:

Նախագիծը ներկայացնող ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան վստահեցուցած էր, որ ոչ-աշխատանքային օրերու կրճատմամբ ՀՆԱ-ն կը բարձրանայ, առեւտուրը կ’աճի:

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջարկած է ոչ-աշխատանքային օրեր թողել նաեւ 2 եւ 7 Յունուարը:

Յիշեցնենք, որ գործող օրէնքով ոչ-աշխատանքային են 31 Դեկտեմբերէն մինչեւ 1-7 Յունուարը:

Երեւանի մէջ պիտի տեղադրուի Ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի արձանը
Նախորդ նիւթը

Երեւանի մէջ պիտի տեղադրուի Ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի արձանը

Հայաստանի նախագահը եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգը զրուցած են յարաբերութիւնները զարգացնելու մասին
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի նախագահը եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգը զրուցած են յարաբերութիւնները զարգացնելու մասին

ԱնցնիլՎեր