Հայաստանի նախագահը եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգը զրուցած են յարաբերութիւնները զարգացնելու մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան Սէուտական Արաբիայէն աշխատանքային այցով ուղեւորուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, տեղեկացուցած է նախագահի գրասենեակը։ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք՝ Ռիատի օդակայանը Հայաստանի նախագահին ճանապարհած է այդ երկրի արտաքին գործոց պետական նախարար՝ Ատէլ Ալ Ճուպէյրը, իսկ պաշտօնական արարողակարգի համաձայն՝ օդակայանը բարձրացուած է Հայաստանի պետական դրօշակը։ Նախագահը Հոկտեմբեր 26-ին աշխատանքային այցով մեկնած էր Սէուտական Արաբիա։ Նշելով, որ Հայաստան անկախութենէն ի վեր դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի Սէուտական Արաբիոյ հետ եւ Հայաստանէն որեւէ պաշտօնեայ երբեւիցէ չէ այցելած այդ երկիր, նախագահի գրասենեակը Արմէն Սարգսեանի այցը պատմական քայլ որակած էր ։ «Այս աննախադէպ իրադարձութիւնը միանշանակ շրջադարձային է Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններում», – պնդած էր նախագահականը։
29 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի նախագահը եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգը զրուցած են յարաբերութիւնները զարգացնելու մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան Սէուտական Արաբիայէն աշխատանքային այցով ուղեւորուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, տեղեկացուցած է նախագահի գրասենեակը։

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք՝ Ռիատի օդակայանը Հայաստանի նախագահին ճանապարհած է այդ երկրի արտաքին գործոց պետական նախարար՝ Ատէլ Ալ Ճուպէյրը, իսկ պաշտօնական արարողակարգի համաձայն՝ օդակայանը բարձրացուած է Հայաստանի պետական դրօշակը։

Նախագահը Հոկտեմբեր 26-ին աշխատանքային այցով մեկնած էր Սէուտական Արաբիա։

Նշելով, որ Հայաստան անկախութենէն ի վեր դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի Սէուտական Արաբիոյ հետ եւ Հայաստանէն որեւէ պաշտօնեայ երբեւիցէ չէ այցելած այդ երկիր, նախագահի գրասենեակը Արմէն Սարգսեանի այցը պատմական քայլ որակած էր ։

«Այս աննախադէպ իրադարձութիւնը միանշանակ շրջադարձային է Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններում», – պնդած էր նախագահականը։

Ամանորի ոչ աշխատանքային օրերը կը կրճատուին․ նոր որոշում
Նախորդ նիւթը

Ամանորի ոչ աշխատանքային օրերը կը կրճատուին․ նոր որոշում

Ծերակոյտը Թեֆ Ֆլէյքը հաստատած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին
Յաջորդ նիւթը

Ծերակոյտը Թեֆ Ֆլէյքը հաստատած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին

ԱնցնիլՎեր