Ամերիկաբնակ հայեր դատի տուած են Թուրքիան. Պատճառը Անգարայի արգելքներն են

«Արմէնբրէս» Ամերիկաբնակ երկու հայեր  88-ամեայ Պարգեւ Ղազարեան եւ անոր որդին Կարօ Ղազարեանը Թուրքիոյ դեմ դատական հայց ներկայացուցած են այն բանէն յետոյ, երբ այդ երկրի հարաւը գտնուող իրենց հայրենի գիւղ այցելելու համար պէտք  դեսպանատուննէն մերժում ստացած են:   Պարգեւ Ղազարեան, որ ծնած է 1931-ին թրքական  Քալանտուրան գիւղին մէջ, 2017 թուականին որոշած էր ծննդավայր վերադառնալ՝ «քրիստոնէական ծէսեր կատարելու  նպատակով»: Այս նպատակով ան  դիմած է Թուրքիոյ դեսպանատուն՝ վիզայի դիմումին մէջ նշելով իր ազգութիւնը և կրօնական պատկանելիութիւնը:   Թուրքիոյ դեսպանատունը մերժած է հայր և որդի Ղազարեաններուն վիզան: Ինչպէս նշած են հայցուորներուն դատապաշտպանները, պատճառը իրենց հայկական ծագումն է։   Նշուած է, որ Պարգեւ Ղազարեանին համար ճամբորդելու 
23 Օգոստոսի 2019
3 ր. ընթերցում
Ամերիկաբնակ հայեր դատի տուած են Թուրքիան. Պատճառը Անգարայի արգելքներն են

«Արմէնբրէս» Ամերիկաբնակ երկու հայեր  88-ամեայ Պարգեւ Ղազարեան եւ անոր որդին Կարօ Ղազարեանը Թուրքիոյ դեմ դատական հայց ներկայացուցած են այն բանէն յետոյ, երբ այդ երկրի հարաւը գտնուող իրենց հայրենի գիւղ այցելելու համար պէտք  դեսպանատուննէն մերժում ստացած են:

 

Պարգեւ Ղազարեան, որ ծնած է 1931-ին թրքական  Քալանտուրան գիւղին մէջ, 2017 թուականին որոշած էր ծննդավայր վերադառնալ՝ «քրիստոնէական ծէսեր կատարելու  նպատակով»: Այս նպատակով ան  դիմած է Թուրքիոյ դեսպանատուն՝ վիզայի դիմումին մէջ նշելով իր ազգութիւնը և կրօնական պատկանելիութիւնը:

 

Թուրքիոյ դեսպանատունը մերժած է հայր և որդի Ղազարեաններուն վիզան: Ինչպէս նշած են հայցուորներուն դատապաշտպանները, պատճառը իրենց հայկական ծագումն է։

 

Նշուած է, որ Պարգեւ Ղազարեանին համար ճամբորդելու  այդ փորձը  եղած է  արտերկիր մեկնելու վերջին հնարաւորութիւնը  հաշուի առնելով անոր տարիքը եւ առողջական վիճակը: Դատական հայցին մէջ տարեց հայորդին  մեղադրած է  Թուրքիանշարք մը համաձայնագրեր խախտելուն  համար:

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի շնորհաւորանքը Անկախութեան հռչակագրի 29-րդ տարեդարձի առթիւ
Նախորդ նիւթը

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի շնորհաւորանքը Անկախութեան հռչակագրի 29-րդ տարեդարձի առթիւ

«Մեր տունը կ՚այրի» Մաքրոն Ամազոնի հրդեհներուն անդրադարձաւ
Յաջորդ նիւթը

«Մեր տունը կ՚այրի» Մաքրոն Ամազոնի հրդեհներուն անդրադարձաւ

ԱնցնիլՎեր